
Լիբանանի անկախութեան 72-ամեակին առիթով, նախորդ շաբաթավերջին վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ երկրորդ տարին ըլլալով Լիբանան իր անկախութեան տարեդարձը կը նշէ նախագահական թափուր աթոռի պայմաններուն մէջ` առանց պետութեան նախագահին եւ ազգային միասնականութեան խորհրդանիշին:
«Լիբանանցիները լաւ գիտեն, թէ այս կացութիւնը կը տիրէ իբրեւ հետեւանք երկրին քաղաքական տագնապին, որուն պատճառով խանգարուած են նաեւ սահմանադրական հաստատութիւնները, քաղաքական կեանքը եւ ազգային տնտեսութիւնը:
Վարչապետ Սալամ նշեց, որ հանրապետութեան նախագահի չգոյութիւնը խոչընդոտած է նաեւ լիբանանցիներուն կեանքը եւ սառեցուցած անոնց առօրեան:
Վարչապետը ընդգծեց, որ անցնող շաբաթներուն ընթացքին Լիբանանը վկայած է նաեւ արիւնալի դէպք մը` Պըրժ Պարաժնէի ականահարումը, որ լիբանանցիներուն յիշեցուցած է, թէ երկիրը տակաւին ահաբեկչութեան թիրախ է:
Այս առումով վարչապետ Սալամ բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ իրագործուած ապահովական նուաճումները` աւելցնելով, որ ապահովական անվտանգութեան ամրապնդումը կարիքը ունի քաղաքական առողջ մթնոլորտի, որովհետեւ միայն այդ ձեւով է, որ կարելի է ազգային դիմադրողականութիւնը հզօրացնել:
«Ժամանակն է արդէն, որ ազգային յանդուգն որոշումներ տրուին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի շահերը ապահովելու համար զիջումներ կատարուին, որովհետեւ Լիբանանն ու լիբանանցի ժողովուրդը արժանի են ունենալու աւելի լաւ, ապահով եւ հանգիստ ապագայ մը», շեշտեց ան:
Վարչապետ Սալամ Անկախութեան տօնի իր պատգամը աւարտեց ընդգծելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն առեւանգուած բանակայիններուն տունդարձին համար` հաստատելով, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը կը մնան հանրապետութեան պաշտպան ամրոցները:
Իր կարգին, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով շեշտեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի Լիբանանին` անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները շրջանցելու առումով:
Հոլլանտ գնահատեց վարչապետ Սալամի որդեգրած քայլերը` Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուար ու բարդ հանգրուանը անցընելու` նշելով, որ Փարիզ պիտի օժանդակէ Լիբանանի` նախագահական ընտրութեան առումով:
Հոլլանտ ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ երկկողմանի մտերիմ յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին` յայտնելով, որ երկու երկիրները մնայուն կերպով իրարու նեցուկ կը կանգնին:
Հոլլանտ շեշտեց, որ Լիբանան կարիք ունի հանրապետութեան նախագահի եւ գործող հաստատութիւններու, որպէսզի ան կարենայ դէմ դնել առկայ մարտահրաւէրներուն:


