Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 26, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզը` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական հարցերու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեանի:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի հաստատեց, որ Լիբանանի քաղաքական սառած իրավիճակը խզելու առումով քաղաքական նախաձեռնութիւն մը կայ` աւելցնելով սակայն, որ նախագահական ընտրութեան իրենց թեկնածուն ցարդ զօր. Միշել Աունն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ քաղաքական որեւէ համաձայնութիւն, որուն լոյսին տակ Հըզպալլա իր զէնքերը վար չի դներ, ձախող կը նկատուի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 100 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 200 լ. ոսկիով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պայքարի շարժումի ընդհանուր քարտուղար, նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Տաուտ շեշտեց, որ ռուսական օդանաւը թիրախ դարձնելը Սուրիոյ գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն է եւ ահաբեկչութեան օժանդակութիւն:

ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կոչ ուղղեց չփախցնելու ոչ մէկ առիթ, որ երկրին պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը կը կանոնաւորէ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ իրենք կատարեալ գործակցութիւն կը ցուցաբերեն Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` խստիւ դատապարտելով ռուսական օդանաւը ջախջախելու Թուրքիոյ արարքը, որուն հետեւանքները կրնան վտանգաւոր ըլլալ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ ըսաւ. «Ո՛վ որ չի՛ կրնար աղբերը հաւաքել, չի՛ կրնար նաեւ այլ որոշումներ տալ»:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է յանգիլ այնպիսի համաձայնութիւններու, որոնք կ՛ամրապնդեն լիբանանեան անվտանգութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ փորձառութիւնը քաջալերական չէ` աւելցնելով, որ անոնք իրենց յանձնառութիւններուն նկատմամբ անհաւատարիմ են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ շեշտեց, որ իրենք կը գտնուին լիբանանեան թղթածրարը լիբանանականացնելու պատմական առիթի մը դիմաց:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուած սէուտական նիւթական նպաստը զայն հզօրացուցած է եւ բարելաւած անոր զինուորական կարողութիւնները:

ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան սարակները նախանցեալ օր փակեցին Մար Մըխայէլի  Ելեկտրական ընկերութեան դռները` պահանջելով իբրեւ պաշտօնեայ հաստատել Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդին քննութեան յաջողած բոլոր թեկնածուները:

Սարակները սպառնացին մագլցողական քայլերու դիմել, իրենց պահանջներուն չընդառաջելու պարագային:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը լուրջ է, եւ եթէ անոր շուրջ համախոհութիւն գոյանայ, ապա մենք պիտի որդեգրենք անոր թեկնածութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան առումով պէտք է քաղաքական որոշ շարժումներ որդեգրել` դէմ դնելու համար լիբանանեան մարտահրաւէրներուն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ լիբանանցիները կոչուած են քաղաքական ընդարձակ համախոհութիւն մը գոյացնելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական հանդիպումներուն ետին նոր տեղեկութիւններ թաքնուած են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ իրենք նախագահական ոչ մէկ թեկնածու վեթոյի կ՛ենթարկեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ երբ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի շուրջ համախոհութիւն գոյանայ, ապա ան կը դառնայ հանրապետութեան նախագահ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ առաջարկած է Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի անունը` զայն նկատելով ընդունելի նախագահական թեկնածու մը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը չէ նեղացած Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ կատարուած հանդիպումէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իտալիոյ դեսպան Մարիօ Մարոթթի շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւնը արագացնելու կարեւորութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան համաձայնութիւններուն մասին շատ դժուար է գուշակութիւններ կատարել:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ գոյանալիք համաձայնութիւնը ողջունելի պիտի ըլլայ:

 

Նախորդը

«Ռուսիա Թուրքիոյ Հետ Պատերազմի Չի Պատրաստուիր» Ըսաւ Լաւրով

Յաջորդը

Մաշնուք – Ճոնզ Հանդիպում

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.