Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Անկախութիւնը Պիտի Տօնենք, Երբ Արմատախիլ Ընենք Հաւատադրժողական Ահաբեկչութիւնը»

November 25, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

basil_112415

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Անկախութեան տօնին առիթով նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ օտար դիւանագէտներու եւ հիւպատոսներու անձնակազմը, որոնց ներկայութեան ան արտասանեց խօսք մը:

Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի անկախութեան պատմութիւնը լեցուն է ահաբեկչութեան պատճառով ինկած անմեղներու արիւնով` շեշտելով, որ Լիբանան իր անկախութիւնը պիտի տօնէ, երբ արմատախիլ ըլլայ հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը եւ երբ լիբանանցին սկսի մերժել արտաքին միջամտութիւններն ու մասնակի համաձայնութիւնները, որոնք հարցերը լուծելու փոխարէն կը բարդացնեն զանոնք:

«Հակառակ շրջանային դէպքերուն առումով Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին, անկարելի է անտեսել Լիբանանի վրայ ահաբեկչութեան ունեցած հետեւանքները: Այս շրջագիծին մէջ Լիբանան կը մասնակցի Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծման ջանքերուն», ըսաւ ան:

Պասիլ հաստատեց, որ ահաբեկչութեան դէմ զինուորական հարուածները անբաւարար են անոր արմատներուն հասնելու, հետեւաբար անհրաժեշտ է պայքարիլ ահաբեկչութիւնը ֆինանսաւորող ցանցերուն դէմ եւս:

Սուրիոյ տագնապին առումով Պասիլ անդրադարձաւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հսկայ թիւին` նշելով, որ իրենք առաջին օրէն իսկ զգուշացուցած են այդ երեւոյթէն` նկատի ունենալով ժողովրդագրական տուեալները:

Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանան ամէն գնով կը մերժէ բնակեցումը` աւելցնելով, որ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը դրական կերպով կ՛օժանդակէ հարցին քաղաքական լուծման:

Պասիլ ակնարկեց նաեւ լիբանանեան խորհրդարանին կողմէ քաղաքացիութեան իրաւունքը վերահաստատող օրէնքի վաւերացումին` դիտել տալով, որ այդ մէկը դրական որոշում մըն էր, թէեւ բաւական ուշ վաւերացուած էր:

«Լիբանան ամբողջ աշխարհին փաստած է, թէ կրնայ պահպանել իր ներքին անդորրը, ինչպէս նաեւ ապահովական կայունութիւնը` հզօրացնելով ինքզինք: Կը խոստանանք մեր անկախութիւնը շարունակել վարելով անկախ արտաքին քաղաքականութիւն մը եւ երաշխաւորելով Լիբանանի գոյատեւումը` իբրեւ համերաշխութեան եւ բազմազանութեան երկիր», եզրափակեց Պասիլ:

 

 

Նախորդը

Բանակը Ռմբակոծեց Հաւատադրժողական Զինեալները Եւ Կատարեց Ձերբակալումներ

Յաջորդը

Պըրրի Կը Ստանայ Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահին Ցաւակցագիրը

RelatedPosts

Հակառակ Դիւանագիտական  Եւ Քաղաքական Միջամտութիւններուն.  Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Լիբանանը
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Դիւանագիտական Եւ Քաղաքական Միջամտութիւններուն. Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Լիբանանը

March 7, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Իսրայէլեան Եւ Լիբանանեան Ճնշումները «Քուտս»  Զօրամասը Կը Մղեն Պէյրութէն Հեռանալու
Լիբանանեան

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Իսրայէլեան Եւ Լիբանանեան Ճնշումները «Քուտս» Զօրամասը Կը Մղեն Պէյրութէն Հեռանալու

March 7, 2026
Շրջանային Պատերազմի Ծիրին Մէջ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Գործողութիւններու Կարկինը` Կ՛ընդլայնի.  Լիբանան Զօրաշարժի Մատնուած` Բոլոր Ուղղութիւններով
Գլխաւոր լուրեր

Շրջանային Պատերազմի Ծիրին Մէջ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Գործողութիւններու Կարկինը` Կ՛ընդլայնի. Լիբանան Զօրաշարժի Մատնուած` Բոլոր Ուղղութիւններով

March 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.