Լիբանանեան

Մամլոյ Արձակուրդ

Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 23 նոյեմբեր 2015-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 24 նոյեմբեր 2015-ին:

Զօր. Քահուաժիի Օրուան Հրահանգը

Զօր. Քահուաժիի Օրուան Հրահանգը

Լիբանանի անկախութեան 72-ամեակին առիթով, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի բանակին տուաւ «Օրուան հրահանգը», որուն մէջ ան շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ բանակին պայքարը պիտի շարունակուի առանց ընկրկումի` յատկապէս նկատի ունենալով այն, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը հարուածելու եւ քաղաքացիները սարսափեցնելու իմաստով ահաբեկչական արարքները բազմացած են եւ սկսած են սպառնալ համաշխարհային անվտանգութեան: Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ ահաբեկչական այս արարքները նման են այն վայրագ,...

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին  Այսօրուան Աշխատանքը   Բնական Կերպով Պիտի Ընթանայ

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Այսօրուան Աշխատանքը Բնական Կերպով Պիտի Ընթանայ

«Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան տնօրէնութիւնը հաստատեց, որ այսօրուան իր բոլոր թռիչքները բնական կերպով պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ դէպի Ծոցի երկիրներ կատարուելիք կարգ մը թռիչքներ կրնան աւելի երկարատեւ ըլլալ` նկատի ունենալով, որ անոնք թռիչքի այլ ուղիներով պիտի ընթանան: «Միտըլ Իսթ»-ի տնօրէն Մոհամետ Հութ յայտնեց, որ օդանաւային թռիչքներուն ուղին փոխելու այս իրականութեան առջեւ գտնուած են, որովհետեւ Ռուսիոյ ծովուժը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն խնդրած...

Ահաբեկչութեան Վտանգը  Կը Շարունակէ Սպառնալ Լիբանանին

Ահաբեկչութեան Վտանգը Կը Շարունակէ Սպառնալ Լիբանանին

Լիբանանեան առօրեային մաս կազմող ապահովական իրադարձութիւններուն շրջագիծին մէջ երէկ առաւօտեան երկիրը արթնցաւ Նապաթիէի մէջ բանակին, ներքին ապահովութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ  Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ապահովական թեւերու կողմէ որդեգրուած արտակարգ միջոցառումներուն լուրով: Նապաթիէի բոլոր մուտքերուն անմիջապէս զետեղուեցան անցարգելներ, որոնք ստուգեցին քաղաք մուտք գործող եւ անկէ դուրս եկող բոլոր անցորդներուն անձնաթուղթերը: Ըստ տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներու, նախանցեալ երեկոյեան Նապաթիէ այցելած է ահաբեկչութեան...

Միացեալ Նահանգներ .  Ներկայացուցիչներու Տունը Մէկ Վայրկեան  Յոտնկայս Լռութեամբ Յարգեց Պըրժ  Պարաժնէի Զոհերուն Յիշատակը

Միացեալ Նահանգներ . Ներկայացուցիչներու Տունը Մէկ Վայրկեան Յոտնկայս Լռութեամբ Յարգեց Պըրժ Պարաժնէի Զոհերուն Յիշատակը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահը` ընդառաջելով քոնկրեսական Տարիլ Իսայի (ծագումով լիբանանցի) առաջարկին, երէկ ներկայացուցիչներու տան ժողովին մասնակիցները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Պըրժ Պարաժնէի պայթումներուն պատճառած զոհերուն յիշատակը: Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նախանցեալ գիշեր քննարկեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մանրամասնութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սիկրիտ Քաակի: Ապահովութեան...

Վարչապետ Սալամ Համախոհութեան  Կոչ Ուղղեց Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերուն

Վարչապետ Սալամ Համախոհութեան Կոչ Ուղղեց Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերուն

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ առաւօտեան ներկայ գտնուեցաւ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Արաբական դրամատնային աշխատանքի տարեկան խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին ահաբեկչութիւնը թիրախ դարձուցած է Լիբանանը եւ զայն արիւնի մէջ թաթխած` ընդգծելով սակայն, որ Պէյրութը պիտի մնայ խաղաղութեան քաղաքը եւ աշխարհին բացուող Արեւելքի դարպասը: Վարչապետ Սալամ ողջունեց Արաբական դրամատուներու համադաշնակցութիւնը եւ անոր ջանքերը, շնորհակալութիւն յայտնեց արաբական եւ...

Արթիւր Նազարեան  Ընդունեց Լասընը

Արթիւր Նազարեան Ընդունեց Լասընը

Լասըն եւ Նազարեան Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն այցելութիւնը ունէր արարողակարգային բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ջուրի, ելեկտրականութեան, քարիւղի եւ բնական կազի մարզերուն վերաբերող Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորած ծրագիրները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:

Պըրրի Կը Ստանայ Բրիտանիոյ  Վարչապետին Ցաւակցագիրը

Պըրրի Կը Ստանայ Բրիտանիոյ Վարչապետին Ցաւակցագիրը

Շորթըր եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Շորթըր Պըրրիի յանձնեց Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի ցաւակցագիրը, որուն մէջ ան խստիւ դատապարտած էր Պըրժ Պարաժնէի ահաբեկչական գործողութիւնը  եւ ցաւակցութիւն յայտնած անոր պատճառած զոհերուն ընտանիքներուն: Քամերոն ողջունած էր նաեւ այս ողբերգութեան նկատմամբ ցուցաբերուած լիբանանեան...

Ըսի-Ըսաւ. Ֆրենժիէ Եւ Հարիրի` Փարիզի Մէջ…

Երէկ կէսօրին շրջանառութեան մէջ մտան այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնց համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կը գտնուի Փարիզ, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Այդ յայտարարութիւններէն ժամ մը ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք անձնական այցելութեամբ մը երէկ գիշեր հասած է Փարիզ` աւելցնելով, որ Ֆրանսա իր այցելութիւնը քաղաքական հանդիպումներու օրակարգով չէ: Աւելի ուշ Մարատա հոսանքի տեղեկատուական գրասենեակը...

Պասիլ. «Անկարելի Է ՏԱՀԵՇ-ը Ընդունիլ  Եւ Անոր Հետ Համակեցութիւն Իրականացնել»

Պասիլ. «Անկարելի Է ՏԱՀԵՇ-ը Ընդունիլ Եւ Անոր Հետ Համակեցութիւն Իրականացնել»

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Ֆոլոքոլասքի Իրալիոն եպիսկոպոսին հետ: Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան երկխօսութեան, մշակոյթի, համակեցութեան, խաղաղութեան եւ կրօնի ու քաղաքակրթութեան երկխօսութեան երկիրն է Միջին Արեւելքի մէջ: Ան ընդգծեց սակայն, որ անկարելի է ՏԱՀԵՇ-ի եւ անոր նմաններուն հետ համակեցութիւն իրականացնել: Իր կարգին, Իրալիոն եպիսկոպոս շեշտեց, որ աշխարհը...

Ժոմպլաթ Ընդունեց  Ճոնզը Եւ Այցելեց Պոնի

Ժոմպլաթ Ընդունեց Ճոնզը Եւ Այցելեց Պոնի

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործակատար Ռիչըրտ Ճոնզը` ներկայութեամբ իր զաւկին` Թայմուր Ժոմպլաթի, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու փոխնախագահ Տորէյտ Եաղիի: Ժոմպլաթ երէկ այցելեց ֆրանսական դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ դատապարտեց Ֆրանսայի դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը...

Մեհրապի Մէջ.  «Ազգային Ազատ Հոսանքն Ու Լիբանանեան  Ուժերը Կը Գործակցին Ընտրական  Նոր Օրէնքի Մշակումին Առումով»   Շեշտեց Քանաան

Մեհրապի Մէջ. «Ազգային Ազատ Հոսանքն Ու Լիբանանեան Ուժերը Կը Գործակցին Ընտրական Նոր Օրէնքի Մշակումին Առումով» Շեշտեց Քանաան

Ժահժահ, Քանաան եւ Ռիաշի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ կէսօրին Մեհրապի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ գործուղուած երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը: Հանդիպումէն ետք Քանաան շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու ճիգերուն լոյսին տակ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները միասնաբար կը գործակցին` միացեալ տեսակէտի մը յանգելու մասին:

Մուքպել Ընդունեց Զօր. Փորթոլանոն

Մուքպել Ընդունեց Զօր. Փորթոլանոն

Մուքպել եւ զօր. Փորթոլանօ Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց երկրին, յատկապէս հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ բանակին միջեւ գործակցութիւնը: Հանդիպումէն ետք զօր. Փորթոլանօ բարձր գնահատեց խաղաղապահ ուժերուն եւ բանակին ու անոր գաղտնի սպասարկութեան միջեւ գործակցութիւնը` շեշտելով, որ իրենք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Մեքսիքա, որմէ ետք պիտի ուղղուի Գերմանիա: ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ կառավարութիւնը նուազուրդ պիտի չկատարէ Լիբանանէն աղբ ներածելու առաջարկ ներկայացուցած ընկերութիւններուն համար, որովհետեւ անիկա ժամանակի կը կարօտի: «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի աղբը երկրէն դուրս ղրկելու շրջագիծին մէջ հիմնական երկու կամ երեք լուրջ առաջարկ պիտի ներկայացուի: ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն,...

Մոսկուա.  Լաւրով – Պասիլ Հանդիպում

Մոսկուա. Լաւրով – Պասիլ Հանդիպում

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու հեռանկարները: Հանդիպումէն ետք կատարուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ վերահաստատեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ, ըստ Վիեննայի համաձայնութեան, Սուրիա պէտք է ըլլայ միացեալ եւ լայիք պետութիւն մը, իսկ սուրիացի...

Պըրրի Կ՛ընդգծէ Ահաբեկչութեան Դէմ Միջազգային  Ճակատ Կազմելու Կարեւորութիւնը

Պըրրի Կ՛ընդգծէ Ահաբեկչութեան Դէմ Միջազգային Ճակատ Կազմելու Կարեւորութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխաններու հանդիպումին, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ Լիբանան իր դիմագրաւած բոլոր հարցերը պէտք է լուծէ երկխօսութեան եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը աշխուժացնելու ընդմէջէն: Ան դրուատեց վերջերս Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական մթնոլորտը` նկատել տալով, որ քաղաքական առումով արձանագրուած այս խաղաղութենէն կարելի է օգտուիլ եւ նախագահական ընտրութիւն կատարել, ինչպէս նաեւ ընտրական...

Ռաուշէի Ժայռը Լուսաւորուեցաւ Լիբանանեան  Եւ Ֆրանսական Դրօշակներով

Ռաուշէի Ժայռը Լուսաւորուեցաւ Լիբանանեան Եւ Ֆրանսական Դրօշակներով

Ահաբեկչութիւնը դատապարտելու նպատակով, երէկ Ռաուշէի ժայռը լուսաւորուեցաւ լիբանանեան եւ ֆրանսական դրօշակներով: Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ, որ ներկայ գտնուեցաւ լուսաւորումին յայտնեց, թէ ցաւը, վնասը եւ տխրութեան արտայայտութիւնը մէկ են Լիբանանի եւ Ֆրանսայի համար` աւելցնելով, որ պէտք է վերադառնալ օրէնքի պետութեան: Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն շեշտեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի լիբանանցիներուն, որոնք օրական դրութեամբ կը դիմագրաւեն բռնարարքներն ու...

Թրիփոլիի Մէջ .  Ապահովութեան Ուժերը Գրաւեցին  180 Քկ Պայթուցիկ Նիւթ

Թրիփոլիի Մէջ . Ապահովութեան Ուժերը Գրաւեցին 180 Քկ Պայթուցիկ Նիւթ

Ապահովութեան ուժերը երէկ Թրիփոլիի մէջ կատարեցին խուզարկումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք կարելի եղաւ ձերբակալել չորս լիբանանցիներ, որոնք կը գործակցին ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ, ինչպէս նաեւ գրաւեցին 180 քկ պայթուցիկ նիւթ եւ երեք ականուած գօտիներ: Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը բուռն կերպով ռմբակոծած է Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքները` ուղղակի վնասներ արձանագրելով ահաբեկիչներուն շարքերուն մէջ:

Երկխօսութեան Նիստը Ընդգծեց  Ահաբեկչութեան Դէմ  Պայքարելու Եւ Պետական Հաստատութիւնները  Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը

Երկխօսութեան Նիստը Ընդգծեց Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Եւ Պետական Հաստատութիւնները Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը

Երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց երկխօսութեան Ժ. նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան երկրին բոլոր ղեկավարները, բացի Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլէն, որ անցեալ նիստին արդէն իսկ որոշած էր իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկել: Խորհրդարանի նախագահին կողքին ներկայ գտնուեցան Պըրրիի քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ...

«Իրան Պատրաստ Է Համագործակցելու  Եւրոպայի Հետ` Ահաբեկչութեան  Դէմ Պայքարին Մէջ»  Կ՛Ըսէ Ռուհանի

Ռուհանի Կը Դատապարտէ Հարաւային Արուարձանները Թիրախ Դարձուցած Անձնասպանական Գործողութիւնները

Հասան Ռուհանի Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Լիբանանի կառավարութեան եւ լիբանանցիներուն յղեց ցաւակցագիր մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած անձնասպանական գործողութիւնները: Ռուհանի իր եւ Իրանի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց պայթումներուն պատճառած զոհերուն ընտանիքներուն` շեշտելով, որ ամբողջ աշխարհը պէտք է փութայ դիմադրելու ահաբեկչութեան վտանգին: Ռուհանի շեշտեց, որ Իրան կը զօրակցի Լիբանանին եւ ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պատերազմին:  

Page 884 of 986 1 … 883 884 885 … 986

Արխիւներ