Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ 26 հոգի ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ին անդամակցելու յանցանքով` նշելով, որ անոնցմէ 13-ը ուղղակիօրէն մաս կը կազմեն Պըրժ Պարաժնէն ահաբեկչութեան թիրախ դարձնող ցանցին:
Ըստ Սաքըրի, ահաբեկչական այս ցանցին անդամները լիբանանեան զանազան շրջաններ պայթուցիկ նիւթեր, ականուած գօտիներ, զէնք, զինամթերք, զինուորական սարքեր, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական գործողութեան հեղինակներ փոխադրած են:
Սաքըր այս ամբաստանեալներուն թղթածրարները փոխանցած է Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի: