Լիբանանեան

Ռաատ. «Հաւատադրժողական Ահաբեկիչները Պարզապէս Միւս Երեսն Են Սիոնական Ահաբեկիչներուն»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ յայտնեց, որ հաւատադրժողական ահաբեկիչները պարզապէս միւս երեսն են սիոնական ահաբեկիչներուն` աւելցնելով, որ անոնք այն գաճաճներն են, որոնք կը գործեն մեծ ահաբեկիչներուն հաշուոյն, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ ամերիկեան վարչութեան հաշուոյն: Ռաատ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը շատ լաւ գիտէ իր երկիրը պաշտպանել այն թշնամիներուն դէմ, որոնք կը սպառնան երկրին ապահովութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան:...

Շէյխ Մոհամետ Եազպեքի Որդին  Դարձաւ Ինքնաշարժի Արկածի Մը Զոհը

Շէյխ Մոհամետ Եազպեքի Որդին Դարձաւ Ինքնաշարժի Արկածի Մը Զոհը

Հըզպալլայի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեքի զաւակը` Պաքեր Եազպեք երէկ Ղազիէի մայրուղիին վրայ ենթարկուեցաւ ինքնաշարժի արկածի մը, որ պատճառեց անոր մահը: Պաքեր Եազպեքի կինը` Ղատիր Մուրթատա, որ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավարներէն է, փրկուած է արկածէն եւ փոխադրուած հիւանդանոց: Ապահովութեան ուժերը ուղղուած են դէպքին վայրը եւ հետաքննութիւն բացած:  

Առեւանգուած Բանակայիններու  Ազատ Արձակո՞ւմ

Առեւանգուած Բանակայիններու Ազատ Արձակո՞ւմ

Երէկ երեկոյեան ժամը 5:45-ին, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ առեւանգուած լիբանանցի բանակայիններուն ազատ արձակումը պիտի կատարուի այսօր` փոխանակման գործողութեան մը շրջագիծին մէջ: Իսկ ահաբեկիչներու ցանցը հետապնդելու իր աշխատանքին ծիրին մէջ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ ձերբակալեց Ալի Ահմետ Լաքքիսը, որ Ժապհաթ Նուսրայի անդամ է եւ սեպտեմբեր 2014-ին գլխատուած բանակային Մոհամետ Համիէի դահիճը: Լաքքիս, որ...

Զօր. Աուն Ընդունեց Փաղանգաւոր  Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը

Զօր. Աուն Ընդունեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Սելիմ Սայէղ եւ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Ալպեր Կոստանեան` ներկայութեամբ համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի: Հանդիպումէն ետք Սայէղ յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ քննարկած են լիբանանեան քաղաքական զարգացումները` շեշտելով, որ պէտք է նկատի ունենալ...

Ռիատ Մալիքի Սալամի Եւ Պասիլի Հետ  Քննարկեց Լիբանանի Մէջ Պաղեստինեան  Գոյութեան Վերաբերող Հարցեր

Ռիատ Մալիքի Սալամի Եւ Պասիլի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Մէջ Պաղեստինեան Գոյութեան Վերաբերող Հարցեր

Պասիլ եւ Մալիքի Պաղեստինեան իշխանութեան արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքի երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան: Վարչապետարանին մէջ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Մալիքին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի: Հանդիպումէն ետք Մալիքի շեշտեց, որ ինք վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ քննարկած է պաղեստինեան գաղթակայաններու գոյութեան եւ գաղթականներուն վերաբերող հարցեր: Մալիքի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականները յանձնառու կը մնան...

Վարչապետ Սալամ Զօրակցութիւն Յայտնեց  Լիբանանեան Քաղաքական  Ուժերուն Միջեւ Որեւէ Մերձեցումի

Վարչապետ Սալամ Զօրակցութիւն Յայտնեց Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերուն Միջեւ Որեւէ Մերձեցումի

Իպրահիմ եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ Արաբական գիրքի ցուցահանդէսին բացման առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին հարցերուն զուգահեռ տարեկան դրութեամբ կազմակերպուած գիրքի ցուցահանդէսը մտքի, խօսքի եւ մտաւորականութեան փառատօն մըն է: Վարչապետ Սալամ անդրադարձաւ կրօնական գիրքերուն` շեշտելով անոնց բովանդակութեան հսկելու կարեւորութիւնը, կանխարգիլելու համար կրօնական առումով սխալ չափանիշներու եւ ապատեղեկատուութեան տարածումը, որ հիմնական պատճառն է այսօրուան...

«Էյ. Եու. Պի.».  Մարտ 8-ի Քաղաքական Ուժերուն Ուսանողական  Թեւերը Յաղթանակ Կ՛արձանագրեն

«Էյ. Եու. Պի.». Մարտ 8-ի Քաղաքական Ուժերուն Ուսանողական Թեւերը Յաղթանակ Կ՛արձանագրեն

(The Daily Star/Mohammad Azakir) Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն ուսանողական թեւերը երէկ յաղթանակ արձանագրեցին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի` «Էյ. Եու. Պի.»-ի ուսանողական խորհուրդի ընտրութիւններուն ընթացքին: Ուսանողական ընտրութիւններուն արդիւնքները ստացան հետեւեալ պատկերը. 17 հոգի հաշուող խորհուրդին համար ընտրուեցան Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու դաշինքէն 9 թեկնածուներ, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու դաշինքէն 3 թեկնածուներ, իսկ անկախ ուսանողներուն շարքերէն ընտրուեցան 5 թեկնածուներ:

Ժահժահ. «Կը Վերահաստատենք Մարտ 14-ի  Քաղաքական Ուժերուն Սկզբունքներուն  Հանդէպ Մեր Կառչածութիւնը»

Ժահժահ. «Կը Վերահաստատենք Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Սկզբունքներուն Հանդէպ Մեր Կառչածութիւնը»

Սամիր Ժահժահ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ վերահաստատեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հանդէպ իր ղեկավարած կուսակցութեան կառչածութիւնը` աւելցնելով, որ կարեւորագոյնը Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումն է: Ժահժահ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն համար Լիբանանը առաջին եւ ամէնէն բարձր աստիճանին վրայ կը գտնուի եւ անկէ աւելի վեր ոչինչ կայ: Ժահժահ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է կառչած մնալ Լիբանանը շրջանային...

Ֆրենժիէ – Ճոնզ Հանդիպում

Ֆրենժիէ – Ճոնզ Հանդիպում

Ճոնզ եւ Ֆրենժիէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի, Թոնի Ֆրենժիէ եւ Ժան Պութրոս:

«Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի  Ճամբուն Կիսուն Կը Գտնուինք»   Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

«Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Ճամբուն Կիսուն Կը Գտնուինք» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

Զօր. Քահուաժի, Ռաատ եւ Սաֆա Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ճամբուն կիսուն, մինչ եւրոպական երկիրներ տակաւին այդ ճամբուն սկիզբնաւորութեան են: Ան նշեց, որ իրենք չեն մերժեր սուրիացի գաղթականները, սակայն անոնց ապաստանարանները կարգ ու կանոնի կարիք ունին: Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ սահմաններուն վրայ եւ...

Արսլան. «Մեծամասնական Դրութեամբ  Ընտրական Օրէնքը Լիբանանցիներուն 49 Առ Հարիւրին  Հաշուոյն Անարդարութիւն Պիտի Ըլլայ»

Արսլան. «Մեծամասնական Դրութեամբ Ընտրական Օրէնքը Լիբանանցիներուն 49 Առ Հարիւրին Հաշուոյն Անարդարութիւն Պիտի Ըլլայ»

Մամլոյ ասուլիսէն պահ մը Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին կը քննարկուի հիմնական կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութիւնն է: Անդրադառնալով ընտրական օրէնքի մշակումին` Արսլան յայտնեց, որ արդէն իսկ ընտրական 17 օրինագիծ գոյութիւն ունի, եւ այս ընթացքով պիտի ունենանք 18-րդ մը կամ աւելի: «Այդ օրինագիծերը կը տարուբերին համամասնական,...

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Սուրիացի  Գաղթականներուն Վերաբերող Յատուկ Նիստին

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Սուրիացի Գաղթականներուն Վերաբերող Յատուկ Նիստին

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երկխօսութեան նիստին ընթացքին բազմիցս յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի աղբի տագնապին լուծում մը գտնելու առումով: Վարչապետը շեշտեց, որ ինք այս իմաստով կ՛աշխատի երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի հետ` աւելցնելով, որ աղբի տագնապին լուծումը պիտի ըլլայ աղբերը երկրէն դուրս ղրկելու ճամբով: Վարչապետ Սալամ նշեց, որ աղբը երկրէն դուրս հանելու աշխատանքը որոշ չափանիշներ կ՛ենթադրէ` նկատել տալով, որ...

Պըրժ Պարաժնէի Ահաբեկչութեան  Հեղինակները Լիբանան  Փոխադրողը Զգետնուեցաւ

Պըրժ Պարաժնէի Ահաբեկչութեան Հեղինակները Լիբանան Փոխադրողը Զգետնուեցաւ

Հինտաուի Սուրիական բանակն ու Հըզպալլայի մարտիկները երէկ որակական գործողութեան մը ծիրին մէջ զգետնեցին Ապտել Սալամ Ապտել Ռազզաք Հինտաուին, որ ծանօթ է Ապու Ապտօ ծածկանունով: Ապու Ապտօ, որ Սուրիոյ մէջ սպաննուեցաւ, Լիբանան փոխադրած է Պըրժ Պարաժնէի անձնասպանական գործողութիւններուն հեղինակները: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Սարաֆանտի պարտէզներուն մէջ բացայայտեց մեծ քանակութեամբ պայթուցիկ նիւթեր, որոնք պիտի օգտագործուէին ականներու պատրաստութեան նպատակով: Բանակը...

Շեհայէպ Թուրքիոյ Դեսպանին Հետ  Քննարկեց Աղբի Տագնապը

Շեհայէպ Թուրքիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Աղբի Տագնապը

Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյեսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրագործութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած աղբի տագնապը եւ անոր լուծման նպատակով Շեհայէպի մշակած ծրագիրը:    

Ժեմայէլ Ընդունեց Ապու Ֆաուրը

Ժեմայէլ Ընդունեց Ապու Ֆաուրը

Ժեմայէլ, Ապու Ֆաուր եւ Սայէղ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւն գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ երկու կուսակցութիւնները ճիգ չեն խնայեր լուծելու համար Լիբանանի տագնապը: Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան...

Թրքական Դեսպանատունը  Սպառնալիքի Տակ

Թրքական Դեսպանատունը Սպառնալիքի Տակ

Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատունը  երկրին ապահովական կառոյցներէն խնդրած է Ռապիէի մէջ գտնուող դեսպանատան շէնքին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գտնուող իր առեւտրական եւ մշակութային կեդրոններուն շրջակայքը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրել` նկատի ունենալով, որ ռուսական պատերազմական օդանաւի ջախջախումի դէպքէն ետք թրքական դեսպանատունը կը նկատուի սպառնալիքի տակ գտնուող կառոյցներէն: Ապահովական աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախապէս իրենք նման խնդրանքներ ստացած են նաեւ ռուսական եւ եգիպտական...

Զինուորական Ատեանը Միշել Սմահայի  Դատավարութիւնը Յետաձգեց 10 Դեկտեմբերին

Զինուորական Ատեանը Միշել Սմահայի Դատավարութիւնը Յետաձգեց 10 Դեկտեմբերին

Միշել Սմահա Զինուորական ատեանը երէկ նախկին նախարար Միշել Սմահայի դատավարութիւնը յետաձգեց 10 դեկտեմբերին: Սմահայի պաշտպան իրաւաբան Սախըր Հաշեմ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին դարձեալ լսել հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները, որպէսզի յստակ դառնայ, որ Քֆուրին էր Սմահայի հետ հեռաձայնային կապ պահողը եւ զինք մղողը, որ պայթուցիկ նիւթերուն ու ականներուն փոխադրութիւնը ստանձնէ:

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի  Մաքսատունը Կը Խափանէ  25 Քկ Թմրեցուցիչի Մաքսանենգումը

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Մաքսատունը Կը Խափանէ 25 Քկ Թմրեցուցիչի Մաքսանենգումը

Պէյրութի միջազգային օդակայանի մաքսատունը երէկ խափանեց 25 քկ Քոքայինի մաքսանենգումը: Հոլանտական քաղաքացիութիւն կրող, 1986-ի ծնունդ երիտասարդ մը` Հ. Ս. անուան սկզբնատառերով, Պրազիլէն այդ քանակով Քոքային բերած էր Լիբանան:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ այսօրուան դրութեամբ լիբանանցիներուն ներկայացուած նախագահական ընտրութեան նոր թեկնածուն Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն է: «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական տարբեր աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը լուրջ է եւ ոչ թէ խուսանաւում: ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան...

Երկխօսութեան Նիստը Քննարկեց Կառավարութեան  Աշխատանքը Աշխուժացնելու Կարելիութիւնները

Երկխօսութեան Նիստը Քննարկեց Կառավարութեան Աշխատանքը Աշխուժացնելու Կարելիութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այն Թինէի մէջ նախագահեց ազգային երկխօսութեան նիստին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրին վարչապետն ու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Նիստէն բացակայեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ ներկայացուեցաւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանով, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նիստը...

Page 882 of 986 1 … 881 882 883 … 986

Արխիւներ