Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Պաշտպանութեան Նախարարը

Նոյեմբեր 26, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

kahwaji_mokbel_112515

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց բանակին վերաբերող շարք մը հարցեր, երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ արեւելեան լեռնաշղթային վրայ բանակին կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դիմադրութիւնը եւ ահաբեկչական խմբաւորումներն ու ցանցերը հետապնդելու մանրամասնութիւնները:

Նշենք, որ բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, բանակը երէկ բուռն կերպով ռմբակոծած է Ռաս Պաալպեքն ու Արսալը:

Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստը Կ՛ընդգծէ
Ահաբեկչութեան Վտանգը    

Երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ռաս Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանցի եւ իսրայէլացի սպաներու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ եռակողմանի զինուորական հանդիպումը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիթանիի հարաւը արձանագրուող դէպքերը:

Լիբանանեան կողմը հաստատեց ահաբեկչութիւնն ու անոր վտանգները` լուսարձակի տակ առնելով վերջերս Լիբանանի, Եգիպտոսի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու մէջ արձանագրուած ահաբեկչական արարքները:

Լիբանանեան կողմը խստիւ բողոքեց   իսրայէլեան օդային եւ ծովային ոտնձգութիւններուն դէմ` պահանջելով վերջ տալ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած այդ խախտումներուն:

Իր կարգին, զօր. Փորթոլանօ շեշտեց, որ թիւ 1701 բանաձեւին համաձայն, իսրայէլեան ուժերէն կը պահանջուի անմիջապէս հեռանալ հիւսիսային Ղաժարէն եւ վերջ տալ Լիբանանի վերեւ իսրայէլեան օդուժին կողմէ գործուող թռիչքներուն:

 

 

 

Նախորդը

Դատախազ Սաքըր 26 Հոգի Ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ին Անդամակցելու Յանցանքով

Յաջորդը

Երկխօսութեան Նիստը Քննարկեց Կառավարութեան Աշխատանքը Աշխուժացնելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?