Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Փարիզի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին երեսփոխաններ Ղաթթաս Խուրի եւ Պասեմ Սապաա եւ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախագահական թափուր աթոռին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի եւ Ժոմպլաթ շեշտեցին, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնել` երկրին սահմանադրութիւնը պահպանող, քաղաքական ընթացքը ապահովող եւ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդող ազգային համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար:
Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ լիբանանեան ազգային բոլոր ուժերուն հետ շարունակելու խորհրդակցութիւնները` յանգելու համար ազգային ընդհանուր համաձայնութեան գոյացումին:
Նշենք, որ նախանցեալ գիշեր Հարիրի Ռիատի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորան, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարին, իր խորհրդական Նատեր Հարիրին, նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրին, իր տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Հանի Համմուտը եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը:
Հանդիպումին մասին ոչ մէկ մանրամասնութիւն յայտարարուեցաւ:
Կը նախատեսուէր, որ Ֆրանսայի մէջ Հարիրի հանդիպում մը ունենար նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ:
Նշենք, որ Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ողջունեց անկախութիւնը կերտած անձնաւորութիւններն ու անոնց յիշատակը:
Ան շեշտեց, որ անկախութիւնը տխուր է հանրապետութեան նախագահի չգոյութեան համար` աւելցնելով, որ իրենց ազգային տօնին առիթով նախագահական թափուր աթոռին գոյութիւնը լիբանանցիներուն համար մեծագոյն նախատինքն է:
«Բանակն ու երկրին օրինականութիւնը անկախութեան երաշխիքներն են, իսկ հանրապետութեան նախագահութիւնը` քաղաքական վարչակարգի կայունութեան երաշխիքը», շեշտեց Հարիրի:
Ան լիբանանցիները շնորհաւորեց Անկախութեան տօնին առիթով` աւելցնելով, որ ուրախութիւնը ամբողջական կը դառնայ ազգային համերաշխութեան եւ հաւասարակշռութեան խորհրդանիշին գոյութեամբ:
Մարատա Հոսանքին Համաձայն
Մարատա հոսանքին մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ իրենք չեն հաստատեր, ինչպէս նաեւ չեն հերքեր Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին լուրը:
Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ Ֆրենժիէ կառչած կը մնայ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան, բացի եթէ ան յետս կոչէ իր թեկնածութիւնը: