Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Օպամայէն Ստացաւ Շնորհաւորագիր Մը

November 25, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_spanish_minister_112415

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Լիբանանի անկախութեան 72-ամեակին առիթով շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն:

Հեռագիրին մէջ Օպամա շեշտած էր, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին` ընդգծելով, որ ժամանակն է այլեւս, որ լիբանանցի ղեկավարները մտածեն երկրին ազգային շահերուն մասին եւ ընտրեն հանրապետութեան նախագահը:

Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարար Փետրօ Մորինիսը` ներկայութեամբ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սպանական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մորինիս յայտնեց, որ Սպանիա պատրաստ է գործակցելու Լիբանանի հետ, յատկապէս ապահովական եւ ընկերային մարզերուն մէջ:

Սպանացի պաշտօնատարը ընդգծեց Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` յոյս յայտնելով, որ Լիբանան մօտիկ ապագային ունենայ իր հանրապետութեան նախագահը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ արաբական կարգ մը օրաթերթերու հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին յայտնեց, որ ինք կառավարութիւնը նիստի մը պիտի չհրաւիրէ, մինչեւ որ աղբի տագնապին լուծման դրական եւ յստակ տուեալներ գոյանան:

Ան նշեց, որ աղբը երկրէն դուրս հանելու իմաստով խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ Լիբանանէն աղբի ներածումով հետաքրքրուած ընկերութիւններուն տրամադրած առաջարկները ուսումնասիրուելու ընթացքին մէջ են:

«Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ կը զբաղի այս հարցով, իսկ այս առումով կարելի չէ յաւելեալ յապաղում արձանագրել», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ փոխըմբռնումի որեւէ հանդիպում կամ երկխօսութիւն ողջունելի է:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Լիբանանի աղբը ներածելու թեկնածու երկիրներէն են Սուրիան եւ ափրիկեան երկիրներ, որոնց շարքին գլխաւորաբար` Սենեկալը:

Նախորդը

Պըրրի Կը Ստանայ Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահին Ցաւակցագիրը

Յաջորդը

«Քաթար Էյրուէյզ-ը Դէպի Երեւան Թռիչքներու Պիտի Սկսի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.