Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը մութ եւ չար մտքի արտայայտութիւնն է, որ աշխարհագրական առումով սահման չունի` աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան թիրախ եղող երկիրներուն միջեւ պէտք է համագործակցութիւն գոյացնել:
Իպրահիմ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն անվտանգութեան նպատակով որդեգրուած ապահովական միջոցառումները լուրջ են` հաստատելով, որ լիբանանցիներուն ապահովութեան հսկողներ կան:
Ան նշեց, որ նախագահական թափուր աթոռը երկրին մարմինը խոցող խոր վէրք մըն է` աւելցնելով սակայն, որ այդ մէկը զիրենք պիտի չյուսալքէ` երկրին եւ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը պաշտպանելու առումով: