Լիբանանեան

Սահմանային Կապոյտ Գիծը Մնաց Խաղաղ

Սահմանային Կապոյտ Գիծը Մնաց Խաղաղ

Նախանցեալ օր Մազարեհ Շեպաայի մէջ Հըզպալլայի կատարած գործողութենէն ետք, երէկ սահմանային Կապոյտ գիծը մնաց խաղաղ, մինչ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը շրջուն ջոկատներով հսկեցին սահմանին հանդարտութեան: Նշենք, որ ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Տենի Տանոն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին յանձնեց բողոքագիր մը` խստիւ դատապարտելով Մազարեհ Շեպաայի ականահարումը: Ան նշեց, որ այդ գործողութիւնը Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խզում կը նկատուի:...

Բանակը Արսալի Բարձունքներուն Վրայ  Զգետնեց ՏԱՀԵՇ-ի Անդամ Զինեալներ

Բանակը Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Զգետնեց ՏԱՀԵՇ-ի Անդամ Զինեալներ

  Լիբանանեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Արսալի բարձունքները` զգետնելով ՏԱՀԵՇ-ի անդամ զինեալներ: Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները սուրիացի միջնորդի մը միջոցով իմացած են, որ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող իրենց հարազատները լաւ վիճակի մէջ են եւ զանոնք ազատ արձակելու իմաստով բանակցութիւններ կրնան սկսիլ:  

Սիկրիտ Քաակ Իրանէն Պահանջեց Յանձնառու  Մնալ Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան

Սիկրիտ Քաակ Իրանէն Պահանջեց Յանձնառու Մնալ Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան

Լ իբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերու օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումները: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քաակ Իրանէն պահանջած է յանձնառու մնալ Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ կոչ ուղղեց համաշխարհային ճիգերը մէկտեղելու` կասեցնելու համար աշխարհին մէջ տարածուած ահաբեկչութեան ֆիլմաշարը: ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ իրանեան-սէուտական մագլցումները յաւելեալ կերպով պիտի սառեցնեն Լիբանանի քաղաքական կեանքը: Ան կոչ ուղղեց աշխուժացնելու կառավարութեան աշխատանքները: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա վերածուած է իրանեան միլիսի մը, որուն ընդհանուր քարտուղարը` սէյիտ Հասան Նասրալլա ամէն ջանք...

Դիմադրութեան Մարտիկները Օր Ցերեկով  Պատասխանեցին Քանթարի Սպանութեան` Մազարեհ  Շեպաայի Մէջ Ականահարելով  Իսրայէլեան Զինուորական Մեքենայ Մը

Դիմադրութեան Մարտիկները Օր Ցերեկով Պատասխանեցին Քանթարի Սպանութեան` Մազարեհ Շեպաայի Մէջ Ականահարելով Իսրայէլեան Զինուորական Մեքենայ Մը

Իսրայէլեան հակակշիռին եւ հսկողութեան տակ գտնուող, Մազարեհ Շեպաայի բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ երէկ Դիմադրութեան մարտիկները օր ցերեկով կատարեցին գործողութիւն մը, որուն մանրամասնութիւնները կը բացայայտուին յառաջիկայ օրերուն ընթացքին: Դիմադրութեան կատարած գործողութեան իբրեւ պատասխան իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց սահմանամերձ շրջանի գիւղերը, իսկ իսրայէլեան ուժերը 40 հրթիռ արձակած են դէպի հարաւային Լիբանանի Ապպասիէ, Ուազզանի, Մարի, Քֆարշուպա եւ Մաժիտիէ շրջանները: Ռմբակոծումները պատճառեցին մարդկային եւ նիւթական վնասներ:...

Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով.   Վարչապետ Սալամ Կը Հրապարակէ Պետական  Հաստատութիւնները Փակելու Գծով Շրջաբերական Մը

Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով. Վարչապետ Սալամ Կը Հրապարակէ Պետական Հաստատութիւնները Փակելու Գծով Շրջաբերական Մը

Հարպ եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան: Վարչապետ Սալամ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Հարպ շեշտեց, որ ներքին եւ արտաքին իրադարձութիւններուն պատճառով հարցերը աւելի եւս...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 7 յունուար 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին: ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն է, իսկ դրամատնային մարզը առողջ, հակառակ անոր որ այդ մարզը զերօ համեմատութեամբ աճ ունեցած է: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց խաղաղ եւ հանդարտ մնալու`...

Սաստիկ Ցուրտը Պատեց Լիբանանը,  Իսկ  Քաղաքական Կեանքը Մնաց Սառած

Սաստիկ Ցուրտը Պատեց Լիբանանը, Իսկ Քաղաքական Կեանքը Մնաց Սառած

Լիբանան Նոր տարին դիմաւորեց սաստիկ ցուրտի ալիքով, որ իրեն հետ բերաւ նաեւ սպիտակ գեղեցկութիւն մը: Եթէ այդ իրականութիւնը համեմատելու ըլլանք երկրին քաղաքական զարգացումներուն իրականութեան հետ, կարելի է հետեւցնել, որ անոնց նմանութիւնը միայն սառոյցն է եւ ոչ թէ գեղեցկութիւնը: Այլ խօսքով` Լիբանանի եւ երկրին քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերուն համար առաջնահերթ նկատուող նախագահական ընտրութեան թղթածրարը կը մնայ սառած եւ այդ իմաստով ոչ...

Ապու Սաապ Ճշդեց Մոհամետ Մարգարէի  Ծննդեան, Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Առիթով  Դպրոցներուն Արձակուրդի Օրերը

Կրթութեան Նախարարին Որոշումով. Պետական Եւ Անձնական Դպրոցներուն Արձակուրդը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ Հայկական Ս. Ծննդեան Տօն

Էլիաս Ապու Սաապ Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կլիմայի աննպաստ պայմաններուն եւ Հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Լիբանանի տարածքին գործող պետական եւ անձնական դպրոցներուն արձակուրդը երկարաձգուած է մինչեւ չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016:  

Շէյխ Մոհամետ Խաթունի Յիշատակին  Նուիրուած Ձեռնարկը Վերածուեցաւ Շէյխ Նմըրի  Մահապատիժը  Դատապարտելու Առիթի

Շէյխ Մոհամետ Խաթունի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկը Վերածուեցաւ Շէյխ Նմըրի Մահապատիժը Դատապարտելու Առիթի

Դիմադրութեան հոգեւոր պատասխանատուներէն շէյխ Մոհամետ Խաթունի մահուան յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան կամքը տկարացնել, անոր արժանապատուութիւնն ու զօրութիւնը թիրախ դարձնել, ինչպէս նաեւ պայքարի դաշտին վրայ անոր գոյութեան վրայ բիծ տեսնել: Ան նշեց, որ շէյխ Խաթուն եղած է այն գործիչներէն,...

Ֆուատ Պութրոս Ոչ Եւս Է

Ֆուատ Պութրոս Ոչ Եւս Է

Ֆուատ Պութրոս Նախկին նախարար Ֆուատ Պութրոս երէկ մահացաւ խոր ծերութեան մէջ. ան շուրջ 95 տարեկան էր: Պութրոս ստանձնած է պետական բազմաթիւ պաշտօններ: Հանրապետութեան նախագահ Էլիաս Սարգիսի օրով ան ստանձնած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որուն աշխատանքները բացառիկ կերպով կատարած է: Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ ան ծանօթ է նաեւ իր անունը կրող ընտրական օրէնքով, որ համամասնական եւ մեծամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական...

Սաստիկ Ցուրտ Լիբանանի Մէջ .  Ձիւնը Փակեց Լեռնային  Բազմաթիւ Ճամբաներ

Սաստիկ Ցուրտ Լիբանանի Մէջ . Ձիւնը Փակեց Լեռնային Բազմաթիւ Ճամբաներ

Լիբանանը հարուածող «Վլատիմիր» ձիւնամրրիկը եղաւ խիստ: 2015-ի վերջընթեր օրուան գիշերը հասած փոթորիկը 2016-ի սկիզբը ներկեց սպիտակով մը: Լեռնային շրջաններուն մէջ տեղացած առատ ձիւնը փակեց լեռնային բազմաթիւ ճամբաներ` քաղաքացիները բանտարկելով իրենց ինքնաշարժներուն մէջ, ինչպէս նաեւ տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս` Ֆաքրա, Քֆարզըպիան, Ֆարայա, Ույուն Սիման, Այնճար, Այնաթա, Հերմել, Պընթ Ժպէյլ, Շեպաա, Քֆարշուպա, Պշարրէ, Էհտեն, Մաասեր Շուֆ-Քըֆրայա, Հատաս-Պաալպեք, Պհամտուն եւ այլն: Երէկ գիշեր...

«Նախագահական Ընտրութեան Առումով Լիբանանցիք  Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն  Անտարբերութիւնը Հասած Է Իր Գագաթնակէտին»   Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

«Նախագահական Ընտրութեան Առումով Լիբանանցիք Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Անտարբերութիւնը Հասած Է Իր Գագաթնակէտին» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Ռայի պատրիարքը, Ժեմայէլ եւ Քազզի Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Համաշխարհային խաղաղութեան տօնին առիթով մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին ան իր քարոզին մէջ շեշտեց Լիբանանի, Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի խաղաղութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ յղուած պատգամին, որուն մէջ Լիբանանի քաղաքական անձնակազմին յատուկ պատգամ մը ուղղուած էր` նախագահական ընտրութիւն կատարելու...

Բանակը Եւ Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն  Հսկել Երկրին Ապահովութեան  Եւ Քաղաքացիական Անվտանգութեան

Բանակը Եւ Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Հսկել Երկրին Ապահովութեան Եւ Քաղաքացիական Անվտանգութեան

Լիբանանեան բանակը նախանցեալ օր ռմբակոծեց Արսալի բարձունքները` թիրախ դարձնելով ահաբեկիչներուն դիրքերը: Միւս կողմէ, Թրիփոլիի մէջ բանակը բացայայտեց պայուսակ մը, որուն մէջ կային իրարու միացուած ձեռնառումբեր: Բանակի սակրաւորները վնասազերծեցին զանոնք: Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Կաղանդի գիշերը Արսալի Ուատի Աթա շրջանին մէջ բանակի 5-րդ ջոկատի դիրքին վրայ ահաբեկիչներ անակնկալ յարձակում մը գործեցին: Բանակայինները անմիջապէս հակադարձեցին յարձակումին եւ կրցան զայն հակակշիռի տակ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Ամանորի առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 1 եւ շաբաթ, 2 յունուար 2016-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երկուշաբթի, 4 յունուար 2016-ին:

Խորհրդարանի Նախագահը Հնչեցուց  Լիբանանցիներուն Սրտին Խօսող Մաղթանք Մը.  «2015-ը Թող Յիշուի, Սակայն Չկրկնուի»

Խորհրդարանի Նախագահը Հնչեցուց Լիբանանցիներուն Սրտին Խօսող Մաղթանք Մը. «2015-ը Թող Յիշուի, Սակայն Չկրկնուի»

Քաղաքական գրեթէ սառած կեանքով, նախագահական թափուր աթոռով եւ տնտեսական խոցելի իրավիճակով փակուող այս տարուան հրաժեշտ տալու  եւ Նոր տարուան սեմին հնչող բարեմաղթութիւններուն ամէնէն անկեղծ ու հարազատ արտայայտութիւնը եղաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երէկուան մաղթանքը. «2015-ը թող յիշուի, սակայն չկրկնուի»: Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին ան շեշտեց կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը` միաժամանակ հաստատելով, որ...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը  Կը Մերժէ Հասան Եաագուպի Վերաբերող  Թղթածրարին Քաղաքականացումը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կը Մերժէ Հասան Եաագուպի Վերաբերող Թղթածրարին Քաղաքականացումը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը նախանցեալ օր Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն: Նիստէն ետք համախմբումին անունով նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ համախմբումը կը մերժէ նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպի դատական թղթածրարին քաղաքականացումը` կոչ ուղղելով պահպանելու դատավարութեան թափանցիկութիւնն ու գաղտնի ընթացքը: Ժրայսաթի աւելցուց, որ հետաքննիչ դատախազին պարտականութիւնն է իմամ Մուսա Սատըրի առեւանգումին վերաբերող...

Զօր. Սլէյման Յոյս Յայտնեց Լիբանանը  Զերծ Կացուցելու Առճակատումներէն

Զօր. Սլէյման Յոյս Յայտնեց Լիբանանը Զերծ Կացուցելու Առճակատումներէն

Զօր. Սլէյման եւ Արիտի Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց բանակի զինուորներէն Պասսամ Քասեմ Զէյնի նահատակութեան առիթով: Ան գնահատեց նախանցեալ օր բանակին կատարած գործողութիւնը` յոյս յայտնելով, որ Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրի գործադրութիւնը շարունակուի: Միւս կողմէ, զօր. Սլէյման Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ...

Նոր Տարուան Առիթով. Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերը Կազմ Ու Պատրաստ Վիճակի Մէջ Են

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն ընդհանուր հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Կաղանդի գիշերը քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ պիտի ըլլան` ապահովելու համար լիբանանեան բոլոր շրջաններուն անվտանգութիւնը: Նոյն հաղորդագրութեան համաձայն, 60 գլխաւոր մայրուղիներու վրայ եւ շրջաններու մէջ ներկայութիւն պիտի ըլլան հրշէջներու, շտապ օգնութեան եւ փրկարար աշխատանքներու յատուկ խումբեր, որոնք պիտի հսկեն քաղաքացիներուն ապահովութեան, ինչպէս նաեւ ցուցմունքներ...

Խալիլ. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Լիբանանը  Թմրեցուցիչի Մաքսանենգման  Խաղաղ Անցքի Վերածուի»

Խալիլ. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Լիբանանը Թմրեցուցիչի Մաքսանենգման Խաղաղ Անցքի Վերածուի»

Ալի Հասան Խալիլ Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Լիբանանը թմրեցուցիչի մաքսանենգման խաղաղ անցքի մը վերածուի: Ան շեշտեց, որ թմրեցուցիչի մաքսանենգումին դէմ պայքարը համազօր է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, որովհետեւ անիկա կը սպառնայ երկրին ընկերային կայունութեան: Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ երեք թոն թմրեցուցիչի գրաւումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Խալիլ յայտնեց, որ թմրեցուցիչի մաքսանենգումին դէմ պայքարը Լիբանանի վարկը...

Page 871 of 986 1 … 870 871 872 … 986

Արխիւներ