Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահական Ընտրութեան Առումով Լիբանանցիք Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Անտարբերութիւնը Հասած Է Իր Գագաթնակէտին» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

January 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռայի պատրիարքը, Ժեմայէլ եւ Քազզի
Ռայի պատրիարքը, Ժեմայէլ եւ Քազզի

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Համաշխարհային խաղաղութեան տօնին առիթով մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին ան իր քարոզին մէջ շեշտեց Լիբանանի, Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի խաղաղութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ յղուած պատգամին, որուն մէջ Լիբանանի քաղաքական անձնակազմին յատուկ պատգամ մը ուղղուած էր` նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն անտարբերութիւնը հասած էր իր գագաթնակէտին` աւելցնելով, որ այդ պատճառով ալ նախագահական ընտրութեան իմաստով առաջադրուած նախաձեռնութիւնը խոչընդոտուած է, իսկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ անոր դաշնակիցներուն  կողմէ այդ նախաձեռնութեան դէմ մղուած պայքարը երբեք նկատի չէ ունեցած, որ նախաձեռնութեան առաջադրած խնդրոյ առարկայ նախագահական թեկնածուն համախմբումին մաս կազմող դաշնակից է, ինչպէս նաեւ շրջանային քաղաքականութեան իմաստով որդեգրուած ուղեգիծի գործակից մը:

Պատարագէն ետք Ռայի պատրիարքը ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլը, ընկերակցութեամբ` աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ պապական պատուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յոյս յայտնեց, որ Լիբանան այս տարուան ընթացքին ի վիճակի ըլլայ իր հարցերը լուծելու: Ան նշեց, որ իրենց դիմաց կայ երկու ընտրանք, որոնցմէ մէկը այն է, որ անտարբերութիւնը շարունակուի եւ Լիբանան վերածուի ճահիճի մը, ուր կ՛ապրին լուրջ հարցեր դիմագրաւող քաղաքայիններ, իսկ երկրորդ ընտրանքը այն է, որ իւրաքանչիւրը վերադառնայ իր լիբանանցիութեան եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` լուծելու համար իր դիմագրաւած հարցերը:

Ժեմայէլ յայտնեց, որ եթէ իրենք արտաքին ուժերուն պիտի սպասեն, ապա շատ պիտի սպասեն` նկատի ունենալով, որ արտաքին աշխարհին հարցերը շատ են, եւ Լիբանան այդ հարցերուն գինը սուղ կը վճարէ:

«Երկրին քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է լաւ ըմբռնեն Լիբանանի դիմագրաւած վտանգաւոր հանգրուանը: Լիբանան կարիքը ունի ապահովական իր կայունութիւնը վերահաստատելու եւ անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու: Մենք պէտք է շրջանին մէջ տիրող իրավիճակէն դասեր քաղենք եւ երկիրը փրկենք ճահճացած իր վիճակէն», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ ինք եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պատրաստ են լուծումներու յանգելու, պայմանով որ նախագահական ընտրութիւն կատարուի:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որ շնորհաւորեց պատրիարքը` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ֆաթհալի շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը ներքին հարց է, որուն Թեհրան կը մերժէ միջամուխ դառնալ:

 

Նախորդը

Բանակը Եւ Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Հսկել Երկրին Ապահովութեան Եւ Քաղաքացիական Անվտանգութեան

Յաջորդը

Սաստիկ Ցուրտ Լիբանանի Մէջ . Ձիւնը Փակեց Լեռնային Բազմաթիւ Ճամբաներ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.