Նախանցեալ օր Մազարեհ Շեպաայի մէջ Հըզպալլայի կատարած գործողութենէն ետք, երէկ սահմանային Կապոյտ գիծը մնաց խաղաղ, մինչ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը շրջուն ջոկատներով հսկեցին սահմանին հանդարտութեան:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Տենի Տանոն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին յանձնեց բողոքագիր մը` խստիւ դատապարտելով Մազարեհ Շեպաայի ականահարումը:
Ան նշեց, որ այդ գործողութիւնը Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խզում կը նկատուի:
Միւս կողմէ, իսրայէլացի զինուորական եւ քաղաքական մեկնաբաններ հաստատեցին, որ Հըզպալլայի կողմէ կատարուած այդ գործողութիւնը Սամիր Քանթարի նահատակութեան իսկական պատասխանը չէ: