ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 7 յունուար 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն է, իսկ դրամատնային մարզը առողջ, հակառակ անոր որ այդ մարզը զերօ համեմատութեամբ աճ ունեցած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց խաղաղ եւ հանդարտ մնալու` շրջանին դիմագրաւած այս դժուար հանգրուանին ընթացքին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպի հարազատները շարունակեցին «Սաֆա» մզկիթին մէջ իրենց բողոքի ցոյցը: Անոնց ցոյցին երէկ միացան նաեւ հոգեւորականներ` Պըտնայէլի մզկիթին մէջ: Անոնք մերժեցին Եաագուպի արգելափակումը եւ իշխանութիւններէն պահանջեցին զայն անմիջապէս ազատ արձակել: Եաագուպի հարազատները փակեցին նաեւ Պըտնայէլի մայր ճամբան` բողոքելով Եաագուպը արգելափակուած պահելու որոշումին դէմ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ հարց տուաւ նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտելու հիմնական պատճառներուն մասին` նշելով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը այդ իմաստով մեծ զիջումներ կատարած են:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի կոչ ուղղեց Լիբանանը հեռու պահելու քաղաքական, յարանուանական եւ համայնքային տագնապներէ եւ բախումներէ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիվ» օրաթերթին համաձայն, ներկայիս Իսրայէլի համար զինուորական մեծագոյն վտանգը Հըզպալլան է:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը ընդգծած են, որ Իրան համաձայն չէ, որ Հըզպալլայի դէմ տրուող որոշումներուն ընթացքին Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի դառնայ վարչապետ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն լաւ գիտէ, թէ Հըզպալլա կը փափաքի, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ նախագահ ընտրուի:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կը պատրաստուի Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն հեռանալու` պահպանելու համար քաղաքական իր անկախութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական անձնաւորութիւններ սպանութեան թիրախ դարձնելու վտանգները առկայ են` աւելցնելով, որ այդ արարքներուն նպատակն է Լիբանանի մէջ ստեղծել ահաբեկիչներուն համար նպաստաւոր ենթահող մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն իբրեւ նախագահական թեկնածու առաջադրող նախաձեռնութիւնը տակաւին խորհրդակցութեան առարկայ է:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ներկայ կացութիւնը կառավարութիւնը կը վերածէ հրաժարեալ կառավարութեան:
ԱԶԳԱՅԻՆ Ազատականներու հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ ինք Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ի նպաստ չի քուէարկեր, սակայն եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, պատրաստ է լքելու Լիբանանը:


