Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաստիկ Ցուրտը Պատեց Լիբանանը, Իսկ Քաղաքական Կեանքը Մնաց Սառած

January 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան Նոր տարին դիմաւորեց սաստիկ ցուրտի ալիքով, որ իրեն հետ բերաւ նաեւ սպիտակ գեղեցկութիւն մը:

Եթէ այդ իրականութիւնը համեմատելու ըլլանք երկրին քաղաքական զարգացումներուն իրականութեան հետ, կարելի է հետեւցնել, որ անոնց նմանութիւնը միայն սառոյցն է եւ ոչ թէ գեղեցկութիւնը:

Այլ խօսքով` Լիբանանի եւ երկրին քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերուն համար առաջնահերթ նկատուող նախագահական ընտրութեան թղթածրարը կը մնայ սառած եւ այդ իմաստով ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է:

Կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը իրենց կարգին կը մնան արձակուրդի մթնոլորտին մէջ:

Նախորդ քանի մը օրուան ընթացքին երկրին մէջ տիրող քաղաքական յայտարարութիւններու չգոյութեան մթնոլորտը խզուեցաւ երէկ, երբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած ճառով մը դատապարտեց շէյխ Նմըր Պաքեր Նմըրը մահապատիժի ենթարկելու արարքը` անոր պատասխանատու նկատելով Սէուտական Արաբիոյ իշխող Սէուտ ընտանիքը:

Սէյիտ Նասրալլայի կատարած ամբաստանութեան փութաց պատասխանելու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի: Ան Ռիատէն յայտնեց, որ սէյիտ Նասրալլա ամբողջ աշխարհի շիիներուն պատասխանատուն կը նկատէ ինքզինք` կոչ ուղղելով անոր Լիբանանը այլոց հարցերուն միջամուխ չդարձնելու:

Օրը չաւարտած, տարածուեցաւ նախկին նախարար Ֆուատ Պութրոսի մահուան գոյժը:

Իսկ տօնական մթնոլորտը եւ ձիւնամրրիկի հիւրընկալումը շարունակելու հաստատումը կատարեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ, որ շեշտեց, թէ Լիբանանի տարածքին գործող պետական եւ սեփական բոլոր դպրոցները փակ պիտի մնան մինչեւ Հայկական Ս. Ծնննդեան տօն, որ կը զուգադիպի չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին:

Նախորդը

Կրթութեան Նախարարին Որոշումով. Պետական Եւ Անձնական Դպրոցներուն Արձակուրդը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ Հայկական Ս. Ծննդեան Տօն

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Կաղանդին Այցելեց Հիւսիսարեւելեան Սահմանի Պաշտպանական Տեղամաս

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.