Պիքֆայայի Մէջ. «Հըզպալլա Կ՛ուզէ Զօր. Աունը Պարտադրել Իբրեւ Հանրապետութեան Նախագահ» Շեշտեց Ահմետ Ֆաթֆաթ
Ֆաթֆաթ եւ Ժեմայէլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով իր բարեմաղթութիւնները յայտնած է Ժեմայէլին` աւելցնելով, որ Լիբանան անյապաղ նախագահական ընտրութեան կարիքը ունի: Ֆաթֆաթ նշեց, որ յստակօրէն կարելի է շօշափել, թէ Հըզպալլա կը նախընտրէ...


















