Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Լիբանանը թմրեցուցիչի մաքսանենգման խաղաղ անցքի մը վերածուի:
Ան շեշտեց, որ թմրեցուցիչի մաքսանենգումին դէմ պայքարը համազօր է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, որովհետեւ անիկա կը սպառնայ երկրին ընկերային կայունութեան:
Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ երեք թոն թմրեցուցիչի գրաւումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Խալիլ յայտնեց, որ թմրեցուցիչի մաքսանենգումին դէմ պայքարը Լիբանանի վարկը կը բարձրացնէ` ընդգծելով, որ այդ պայքարը ամէն իմաստով պիտի շարունակուի: