Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց բանակի զինուորներէն Պասսամ Քասեմ Զէյնի նահատակութեան առիթով:
Ան գնահատեց նախանցեալ օր բանակին կատարած գործողութիւնը` յոյս յայտնելով, որ Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրի գործադրութիւնը շարունակուի:
Միւս կողմէ, զօր. Սլէյման Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Զօր. Սլէյման յոյս յայտնեց Լիբանանը զերծ կացուցելու առճակատումներէն, ինչպէս նաեւ սակարկութիւններէն, որոնք կը կատարուին տարբեր համաձայնութիւններու շրջագիծին մէջ:
Ան կոչ ուղղեց գործադրելու «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը` երաշխաւորելու համար Լիբանանի ապահովութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Արիտի իր կարգին յոյս յայտնեց, որ քաղաքական բոլոր կողմերը իմաստուն որոշումներ տան` նկատի ունենալով շրջանային վտանգաւոր իրադարձութիւնները:
Զօր. Սլէյմանի այցելուներէն եղան նաեւ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի, երեսփոխան Քազեմ Խէյր եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան գործավար, նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ: