Լիբանանեան բանակը նախանցեալ օր ռմբակոծեց Արսալի բարձունքները` թիրախ դարձնելով ահաբեկիչներուն դիրքերը:
Միւս կողմէ, Թրիփոլիի մէջ բանակը բացայայտեց պայուսակ մը, որուն մէջ կային իրարու միացուած ձեռնառումբեր:
Բանակի սակրաւորները վնասազերծեցին զանոնք:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Կաղանդի գիշերը Արսալի Ուատի Աթա շրջանին մէջ բանակի 5-րդ ջոկատի դիրքին վրայ ահաբեկիչներ անակնկալ յարձակում մը գործեցին: Բանակայինները անմիջապէս հակադարձեցին յարձակումին եւ կրցան զայն հակակշիռի տակ առնել` արգիլելով իրենց դէմ գործուելիք ահաբեկչական նոր արարք մը:
Այս բոլորին կողքին, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ սահմանապահ ուժերուն եւ շնորհաւորեց զանոնք` բարձր գնահատելով անոնց զոհողութիւններն ու պարտականութիւնները` ազգային, ապահովական թէ վարչական իմաստով:
Ապպաս Իպրահիմ Նաքուրայէն ընդգծեց սիոնական գոյացութեան եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը: