Լ
իբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերու օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումները:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քաակ Իրանէն պահանջած է յանձնառու մնալ Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան պաշտպանութեան:
Իր կարգին, Ապտոլլահեան խստիւ դատապարտած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ սիոնական գոյացութեան գործած ոճիրները` հայրենիքին գերիշխանութիւնը պահպանողներուն դէմ:
Ան ընդգծեց, որ Թեհրան կը զօրակցի Լիբանանի եւ շրջանի խաղաղութեան: