
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կլիմայի աննպաստ պայմաններուն եւ Հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Լիբանանի տարածքին գործող պետական եւ անձնական դպրոցներուն արձակուրդը երկարաձգուած է մինչեւ չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016:
 
			

