
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը նախանցեալ օր Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Նիստէն ետք համախմբումին անունով նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ համախմբումը կը մերժէ նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպի դատական թղթածրարին քաղաքականացումը` կոչ ուղղելով պահպանելու դատավարութեան թափանցիկութիւնն ու գաղտնի ընթացքը:
Ժրայսաթի աւելցուց, որ հետաքննիչ դատախազին պարտականութիւնն է իմամ Մուսա Սատըրի առեւանգումին վերաբերող ճշմարտութիւնները բացայայտել:
Անդրադառնալով Զապատանի-Քաֆարիա եւ Ֆուաա համաձայնագիրի գործադրութեան` Ժրայսաթի նշեց, որ անիկա փաստ մըն է, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ պայքարին զուգահեռ կարելի է սուրիացի գաղթականները փոխադրել Սուրիոյ ապահով շրջանները:


