Լիբանանեան

Դիմադրութեան Մարտիկները Շարունակեցին  Ազատագրել Արսալի Բարձունքները

Դիմադրութեան Մարտիկները Շարունակեցին Ազատագրել Արսալի Բարձունքները

Հըզպալլայի մարտիկները երէկ Արսալի բարձունքներուն վրայ շարունակեցին Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն դէմ կռուիլ` ազատագրելով հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն կողմէ բռնագրաւուած տարածքները: Դիմադրութեան մարտիկները երէկ իրենց հակակշիռին տակ առին Թուրքման, Քասիր, Աքապաթ Քասիր, Սիրի, Հարիքա եւ Թըննին հովիտները եւ այսպիսով անոնք Արսալի արեւելեան բարձունքները կապած եղան Ֆլիթայի բարձունքներուն: Ըստ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հաղորդած լուրերուն, Քալամունի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի էմիր Ապու Մալեք Թալլի Արսալի բարձունքներէն...

Պըրրիի Գնահատականով Ազգային  Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ուժեր  Կուսակցութիւններուն Միջեւ Համաձայնութիւնը  Կարեւոր Քայլ Մըն Է

Պըրրիի Գնահատականով Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւններուն Միջեւ Համաձայնութիւնը Կարեւոր Քայլ Մըն Է

Քանաան եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Պըրրիի գնահատականով Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնը կարեւոր քայլ մըն է ոչ միայն քրիստոնեայ համայնքին, այլեւ ամբողջ Լիբանանի համար: Քանաան յայտնեց, որ Պըրրի նշած է, թէ...

«Օրէնսդրական Եւ Գործադիր  Իշխանութիւններուն  Անդամահատումը Ոչ Ոքի Համար  Կրնայ Բան Մը Իրականացնել»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Օրէնսդրական Եւ Գործադիր Իշխանութիւններուն Անդամահատումը Ոչ Ոքի Համար Կրնայ Բան Մը Իրականացնել» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Հարպ եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապալի իրավիճակը` սկսելով կառավարութեան աշխատանքի սառեցումէն, հասնելով մինչեւ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին պարտադրումը: Հարպ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամին փոխանցած է Խորհրդակցական հանդիպումին կեցուածքը, որուն հիման վրայ անոնք մերժած են հանրապետութեան նախագահին եւ խորհրդարանին բացակայութեան սառեցնել նաեւ երկրին...

Մարոնի Համայնքի  Պատրիարքը Մասնակցեցաւ  Սուրիոյ Մէջ Քրիստոնեայ  Հոգեւոր Պետերուն Վեհաժողովին

Մարոնի Համայնքի Պատրիարքը Մասնակցեցաւ Սուրիոյ Մէջ Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերուն Վեհաժողովին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հովուապետական այցելութեամբ մը կը գտնուէր Դամասկոս, երէկ Պապ Շարքիի Մարեմական միաբանութեան եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց օրուան պատարագին` իր արտասանած քարոզին մէջ նշելով, որ իրենք կը բաժնեն միացեալ մտահոգութիւն մը` իրենց ժողովուրդները իրենց հողերուն վրայ պահպանելու առումով: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքին Սայտնայա այցելութիւնը ջնջուեցաւ` նկատի ունենալով Պէյրութ վերադարձի իր պայմանաւորուածութիւնը: Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը Դամասկոսի մէջ...

«Արսալի Բարձունքներուն Վրայ  Ճակատամարտը  Պիտի Շարունակուի, Մինչեւ  Վերջին Ահաբեկիչին Զգետնումը»  Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

«Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Ճակատամարտը Պիտի Շարունակուի, Մինչեւ Վերջին Ահաբեկիչին Զգետնումը» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

Շէյխ Նայիմ Քասեմ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերը երկու ընտրանք ունին` կա՛մ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ կ՛ընտրեն եւ կա՛մ նախագահական աթոռը կը մնայ թափուր: Քասեմ ընդգծեց, որ Արեւմուտքը հմուտ է հարցերը ստեղծելու եւ տագնապները բռնկեցնելու իմաստով, սակայն անկարող կը մնայ անոնց լուծման առումով: «Լիբանանի մէջ քաղաքական կամ...

Ժոմպլաթ – Հէյլ Հանդիպում

Ժոմպլաթ – Հէյլ Հանդիպում

Ժոմպլաթ եւ Հէյլ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ «Անպա» օրաթերթի իր սիւնակներով շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը արդէն իսկ սառած վիճակի մէջ կը գտնուի:  

Մանսուր. «Թուրքիա Կ՛օժանդակէ  Սուրիոյ Մէջ Գտնուող Զինեալ Բոլոր  Խմբաւորումներուն Եւ Ոչ Միայն ՏԱՀԵՇ-ին»

Մանսուր. «Թուրքիա Կ՛օժանդակէ Սուրիոյ Մէջ Գտնուող Զինեալ Բոլոր Խմբաւորումներուն Եւ Ոչ Միայն ՏԱՀԵՇ-ին»

Ատնան Մանսուր Նախկին նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չի կրնար Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը սեփականացնել, յատկապէս այն հարցերը, որոնք կը վերաբերին շրջանին: «Վերջին հանգրուանին շրջանին մէջ Էրտողանի կիրարկած քաղաքականութիւնը վնաս հասցուց անոր շահերուն, յատկապէս Սուրիոյ դէմ սանձազերծուած հսկայ յարձակումին եւ շրջանը պառակտելու փորձերուն առումով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Արաբական գարուն»-ը վերածուած է աշնան, «իսկ Թուրքիա կ՛օժանդակէ Սուրիոյ...

Ժահժահ. «Լիբանանի Սահմաններուն  Պաշտպանութիւնը Միայն Լիբանանեան  Բանակին Առաքելութիւնն Է»

Ժահժահ. «Լիբանանի Սահմաններուն Պաշտպանութիւնը Միայն Լիբանանեան Բանակին Առաքելութիւնն Է»

Ժահժահ, Ֆաթֆաթ եւ Ժամալ Ժարրահ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը որոշումի մէկ կեդրոն ունի, իսկ երկրին սահմաններուն վրայ գտնուող զինուորական կեդրոնները պէտք է ըլլան լիբանանեան բանակին հակակշիռին տակ, «եւ անցեալ օգոստոսէն ի վեր բանակը երկրին սահմաններուն վրայ իր ներկայութիւնը հզօրացուցած է` ունենալով այդ սահմանները պաշտպանելու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ Լիբանան ազգային միասնականութեան իւրայատուկ օրինակ մըն է` նկատի ունենալով զայն բաղկացնող բազմազան տարրերը: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հաստատեց, որ իրենց քննարկումը կը կեդրոնանայ բանակի հրամանատարի նշանակումին վրայ եւ ոչ թէ քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքներուն շուրջ: Ան հաստատեց, որ կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտուած է եւ վարչապետը կ՛ուղղուի նախարարաց խորհուրդը նիստի չհրաւիրելու: ԼԻԲԱՆԱՆԻ...

«Այս Հանգրուանին Բոլորէն Կը Պահանջուի  Զգաստ Ըլլալ` Նուազագոյն  Վնասներով Դուրս Գալու Համար»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Այս Հանգրուանին Բոլորէն Կը Պահանջուի Զգաստ Ըլլալ` Նուազագոյն Վնասներով Դուրս Գալու Համար» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած կարճ հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ Լիբանան կը գտնուի բաւական դժուար կացութեան մէջ, «եւ այս հանգրուանին բոլորէն կը պահանջուի զգաստ ըլլալ` նուազագոյն վնասներով դուրս գալու համար: Պէտք է Լիբանանին սպառնացող ահաբեկչութիւնը եւ վտանգները դիմագրաւելու բարձր մակարդակի պատրաստուածութիւն ցուցաբերել», հաստատեց ան: Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարներուն...

Դամասկոսի Մէջ,  «Կը Դատապարտենք Բոլոր Անոնք, Որոնք  Նիւթապէս Կ՛Օժանդակեն Քանդումին,  Սպանութեան Եւ Տեղահանութեան»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Դամասկոսի Մէջ, «Կը Դատապարտենք Բոլոր Անոնք, Որոնք Նիւթապէս Կ՛Օժանդակեն Քանդումին, Սպանութեան Եւ Տեղահանութեան» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յետմիջօրէին հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Դամասկոս: Ժտայտեթ Եապուսի մէջ Ռայի պատրիարքը դիմաւորուեցաւ մարոնի համայնքի Դամասկոսի առաջնորդ Սամիր Նասսար եպիսկոպոսին եւ յոյն ուղղափառ համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Աֆրամ Մաալուլի եպիսկոպոսին կողմէ: Դամասկոսի ֆրանսական հիւանդանոցին մէջ Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իր այցելութիւնը խաղաղութեան եւ Սուրիոյ հարցին խաղաղ լուծման նպատակով է, որպէսզի կարելի ըլլայ իսլամներն ու քրիստոնեաները պահել...

Պըրրի – Ժոմպլաթ Հանդիպում

Պըրրի – Ժոմպլաթ Հանդիպում

Ժոմպլաթ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն ընկերակցեցան առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ երեսփոխան Ղազի Արիտի: Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է Պըսրիի ջրամբարին վերաբերող հարցեր` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն քաղաքական խոչընդոտները վերացնելու` ամրապնդելու համար երկրին կայունութիւնը եւ...

Դիմադրութեան Մարտիկները  Իրենց Հակակշիռին Տակ  Առին Ֆլիթան Եւ Արսալը  Իրարու Կապող Հիմնական Անցք Մը

Դիմադրութեան Մարտիկները Իրենց Հակակշիռին Տակ Առին Ֆլիթան Եւ Արսալը Իրարու Կապող Հիմնական Անցք Մը

Դիմադրութեան մարտիկները երէկ իրենց հակակշիռին տակ առին Համրա անցքը, որ Ֆլիթայի եւ Արսալի բարձունքները իրարու կապող հիմնական անցքն է, որ կ՛օգտագործուէր Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն կողմէ: Հըզպալլայի մարտիկները եւ սուրիական բանակը իրենց հակակշիռին տակ առին նաեւ Սատըր Պուսթանի բարձունքներուն արեւելեան բաժինը, ինչպէս նաեւ Քըրնեթ Թաննուրի բարձունքները, ուր արձանագրուած բախումներուն ընթացքին սպաննուեցան Ժապհաթ Նուսրայի մաս կազմող տասնեակ մը ահաբեկիչներ, ինչպէս նաեւ տասնեակ...

Մուքպել. «Բանակը Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Լիբանանը»

Մուքպել. «Բանակը Պատրաստ Է Պաշտպանելու Լիբանանը»

Սամիր Մուքպել Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել հաստատեց, որ լիբանանեան սահմանները կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին իր տրամադրութիւնները բարձր եղած են, տեսնելէ ետք սահմանապահ ուժերուն բարձր տրամադրութիւնը եւ երկիրը պաշտպանելու կորովը: Ան աւելցուց, որ ինք համոզուած է, թէ Լիբանան պիտի շարունակէ տոկալ, որովհետեւ իր բանակին նկատմամբ զօրակցութիւն կայ, ինչպէս նաեւ այն իրականութեան համար, որ բանակը բազմիցս փաստած է, թէ ի վիճակի...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց  Քանաանը Եւ Ռիաշին

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Քանաանը Եւ Ռիաշին

Ռիաշի, Ռայի պատրիարքը եւ Քանաան Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթ առաւօտեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշին, որոնք իրեն յանձնեցին Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ ստորագրուած միացեալ նպատակներու փաստաթուղթէն օրինակ մը: Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ փոխըմբռնումի այդ համաձայնագիրը համազօր է նոր էջի...

Զօր. Քահուաժի. «Քաղաքական  Համաձայնութիւնը Կը Հանգստացնէ Բանակը»

Զօր. Քահուաժի. «Քաղաքական Համաձայնութիւնը Կը Հանգստացնէ Բանակը»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շաբաթավերջին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ երկրին բոլոր սահմաններուն պաշտպանութիւնը: Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը կը շարունակէ զինուորական իր նախապատրաստութիւնները` դիմադրելու համար հիւսիսային Լիբանանի սահմանները խախտելու որեւէ փորձի: Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ ներքին քաղաքական համախոհութիւնը կը հանգստացնէ զինուորական հաստատութիւնը եւ անոր պարտականութիւնը կը դիւրացնէ` սահմանային վտանգներուն դէմ դնելու առումով: Բանակի...

Զօր. Աուն. «Պէտք Է Վերահաստատել  Քրիստոնեայ Համայնքին Դերակատարութիւնը»

Զօր. Աուն. «Պէտք Է Վերահաստատել Քրիստոնեայ Համայնքին Դերակատարութիւնը»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին ընդունեց զանազան շրջաններէ Ռապիէ հասած ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց ուղղած իր խօսքին մէջ հաստատեց Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին դերակատարութիւնը վերահաստատելու անհրաժեշտութիւնը: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ամէն բան սահմանադրութեան, օրէնքներու եւ Ազգային ուխտին համաձայն չէ որ կը կատարուի, իսկ քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները կ՛ոտնակոխուին եւ շատ յաճախ ալ կը մերժուի վերադարձնել այդ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը` աւելցնելով, որ ինք համաձայն է, որ իր զաւակը` Սամի Ժեմայէլ կուսակցութեան նախագահ ընտրուի: Ան աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն կողմէ յայտարարուած միացեալ նպատակները քաջալերական են եւ ողջունելի: «ՔԱՐՈՒԹ» վաճառատան Ժամուսի մէջ գտնուող պահեստանոցներուն մէջ անցեալ ուրբաթ օր բռնկած հրդեհը ամբողջ շաբաթավերջին շարունակուեցաւ,...

«Արսալ Մուտք Գործելու  Ոչ Մէկ Միտում Ունինք»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Արսալ Մուտք Գործելու Ոչ Մէկ Միտում Ունինք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իմամ Մեհտիի ծնունդին առիթով երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ իմամ Մեհտիի ծնունդին եւ անոր ներկայացուցած արժէքներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւններուն: Քաղաքական առումով սէյիտ Նասրալլա նախ եւ առաջ ակնարկեց տակաւին նախանցեալ օր հնչած իսրայէլեան սպառնալիքներուն` զանոնք որակելով հոգեբանական պատերազմի միջոց մը: Այս մասին ան հաստատեց, որ...

Ժան Ֆրանսուա Ժիրօ  Այցելեց Խորհրդարանի  Նախագահին Եւ Վարչապետին

Ժան Ֆրանսուա Ժիրօ Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին Եւ Վարչապետին

Ժիրօ եւ Պըրրի Լիբանան հասած Ֆրանսայի յատուկ պատուիրակ Ժան Ֆրանսուա Ժիրօ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի, երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մահմուտ Պըրրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը, նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ժիրօ այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ...

Page 857 of 906 1 856 857 858 906

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?