Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ . Հարիրի Կը Հաստատէ Լիբանանի Մէջ Իր Երկարատեւ Կեցութիւնը` Ընդգծելով, Որ Պիտի Չայցելէ Նախագահական Թեկնածուներուն

Փետրուար 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սալամ եւ Հարիրի
Սալամ եւ Հարիրի

Իր հօր սպանութեան տարելիցին առիթով Լիբանան եկած Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ունեցաւ հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ կատարեց շարք մը այցելութիւններ:

Հարիրի այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Հարիրի վարչապետարանէն յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այս այցելութիւնը երկարատեւ պիտի ըլլայ:

Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութիւնը առկախելու քայլը ոչ մէկ ձեւով կարելի է բացատրել, բացի անկէ, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր կը նախընտրեն նախագահական աթոռը թափուր տեսնել:

«Պէտք է նախագահական ընտրութեան նպատակով ուղղուիլ խորհրդարան», ըսաւ ան` խորհրդարանի աշխատանքներուն արգելակումը նկատելով սահմանադրութեան դէմ գործուած ոճիր մը:

Հարիրի յայտնեց, որ ինք նախագահական թեկնածուներուն հետ հանդիպումներ պիտի չունենայ` աւելցնելով, որ ինք սրտբաց պիտի ընդունի բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին իրեն այցելել: Երեկոյեան Հարիրի այցելեց Մեհրապ եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

Սայֆիի Մէջ

Ժեմայէլ եւ Հարիրի
Ժեմայէլ եւ Հարիրի

Հարիրի այցելեց Սայֆի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Հարիրի յայտնեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան:

«Մենք մաս կը կազմենք ժողովրդավարութեան եւ ոչ ոք կրնայ մեզի ստիպել, որ միայն մէկ թեկնածուի զօրակցինք` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նկատմամբ մեր յարգանքով հանդերձ», ըսաւ ան:

Հարիրի յայտնեց, որ եթէ զօր. Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, ապա Ռապիէ կ՛ուղղուինք զայն շնորհաւորելու:

Ան նշեց, որ ինք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կը հաւատան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն, եւ ոչ ոք կրնայ Ժահժահի հետ իրենց յարաբերութիւնը վտանգել:

Իր կարգին, Ժեմայէլ շեշտեց, որ կարելի չէ խորհրդարան ուղղուիլ նախագահական ընտրութիւն կատարելու, երբ արդէն այդ ընտրութիւններուն արդիւնքը յստակ է:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ երկրին սահմանադրութեան եւ ժողովրդավարութեան կառչած մնալը ողջունելի է:

Հարիրիի Այցելուները

Դեսպան Ասիրի եւ Հարիրի
Դեսպան Ասիրի եւ Հարիրի

Առաւօտեան Հարիրիի այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ասիրի յայտնեց, որ Սաատ Հարիրիի արտասանած ճառը հիմնուած էր իր հօր` Ռաֆիք Հարիրիի ազգային ուղեգիծին վրայ, որ իր կարգին հիմնուած էր լիբանանեան համերաշխութեան, իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան վրայ:

Ասիրի աւելցուց, որ Հարիրիի կեցուածքներուն նպատակն էր հզօրացնել լիբանանեան պետութիւնը, պահել լիբանանեան ինքնութիւնը եւ իրագործել լիբանանցի ժողովուրդին շահերը:

Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը գործակցին անոր հետ:

Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի գործակատար Ռիչըրտ Ճոնզը, որ յայտնեց, թէ ինք շնորհաւորած է Հարիրին` անոր Լիբանան վերադարձին առիթով, բարձր գնահատելով անոր արտասանած նախանցեալ օրուան ճառը:

Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն, որ նախկին վարչապետին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հարիրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի:

Հարիրի երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի եւ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթի հետ:

Հարիրի ստացաւ նաեւ բարի գալուստի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ` նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, երեսփոխան Միշել Մըրէն, նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարեսէն, նախարար Պութրոս Հարպէն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքէն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիէն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմէն եւ Լեռնալիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզուէն:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնը

Յաջորդը

Տիգրանակերտի Ս. Սարգիս Հայկական Եկեղեցին Բախումներու Պատճառով Զգալի Վնասներ Կրած Է

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?