Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանահայութիւնը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Կ՛ունենայ Սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի Հետ

February 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Al-Sayyed-Ibrahim-Amin-Al-Sayed

Իրանահայութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Սպահանի թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռուբիկ Կարապետեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան քաղաքական ժողովի անդամ, նախկին երեսփոխան  Վարդան Վարդանեան, երէկ այցելեց Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ քաղաքական խորհուրդի անդամներ Մահմուտ Քումաթի եւ Մուսթաֆա Հաժ Ալի:

Պատուիրակութիւնը իր ողջոյնը փոխանցեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ղեկավարութեան եւ անդամներուն` նշելով, որ Լիբանանի եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքին  պաշտպանութեան համար Հըզպալլայի դերակատարութեան նկատմամբ իրենք խոր յարգանք կը տածեն:

Իրանահայ պատուիրակութիւնը բարձր գնահատեց հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ Հըզպալլայի մղած պայքարը:

Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Իրանի ղեկավարութեան` փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած լաւ վարուելակերպին, զանոնք խորհրդարանին մէջ ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ կրօնի ազատութիւն շնորհելու առումով:

Իրանահայ պատուիրակութիւնը դրուատեց Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի վարուելակերպը եւ յատկապէս Իրանի համար զոհուած քրիստոնեայ նահատակներուն ընտանիքներուն նկատմամբ անոր գուրգուրանքը:

Իր կարգին, Սէյիտ շեշտեց, որ հայոց եւ այլ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած բարի եւ սիրալիր վերաբերումին աղբիւրը իրենց կրօնն է` աւելցնելով, որ իսլամականութիւնը քաղաքական մարտավարութիւն չէ:

«Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ մեր ստորագրած փոխըմբռնումի համաձայնագիրը կը պարզէ մեր անկեղծ հեռանկարները` ազգային համերաշխութեան եւ համակեցութեան նկատմամբ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանան կը նկատուի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար օրինակելի երկիր:

Սէյիտ իր խօսքը եզրափակեց լուսարձակի տակ առնելով լիբանանահայութեան հետ գոյութիւն ունեցող հեզասահ եւ սիրալիր յարաբերութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

Պասիլ. «Պէտք Է Պահպանել Լիբանանեան Ինքնութիւնը»

Յաջորդը

Բանակը Ձերբակալեց 2014-ին Հարեթ Հրէյքի Մէջ Պայթում Գործած Ահաբեկիչը

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.