
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ կայունութիւնը պահպանելու հեռանկարները:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ, որ վարչապետին հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցերը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի պետական եւ սեփական մարզերու ծրագիրները ֆինանսաւորող Միջազգային դրամատան յատուկ ֆոնտի տնօրէն Լորանս Քարթըր: Քննարկուեցան Լիբանանի ելեւմտական կացութիւնը եւ երկրին պետական ու սեփական մարզերուն մշակած ծրագիրները ֆինանսաւորելու կարելիութիւնները: