Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրնա Լրատու Գործակալութեան Տնօրէնը Երկկողմանի Գործակցութիւնը Բարելաւելու Միտումով Կ՛այցելէ Լիբանան

February 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սլէյման, Խատատի եւ Ֆաթհալի
Սլէյման, Խատատի եւ Ֆաթհալի

Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան տնօրէն Մոհամետ Խատատի երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան, ուր ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ:

Ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի, Խատատի այցելեց լիբանանեան Ազգային լրատու գործակալութեան կեդրոնը, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան գործակալութեան տնօրէն Լոր Սլէյմանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու լրատու գործակալութիւններուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

Խատատի յայտնեց, որ Լիբանան իր իւրայատուկ նշանակութիւնը ունի Իրանի ղեկավարութեան համար` աւելցնելով, որ ապացոյցներ կան, թէ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները օրինակելի են:

Սլէյման իր կարգին յայտնեց, որ Խատատիի այցելութիւնը կը միտի ամբողջացնել երկու գործակալութիւններուն միջեւ սկսած գործակցութիւնը, որ ստորագրուած էր 2010-ին Թեհրան կատարած իր այցելութեան ընթացքին:

Այն Թինէի Մէջ

Ապա Խատատի, Ֆաթհալի, Սլէյման, Ամալ շարժումի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Թալալ Հաթում եւ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանի ընդհանուր տնօրէն Քասեմ Սուէյտ այցելեցին Այն Թինէ, ուր Խատատի ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Խատատի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Խատատի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած են նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները, յատկապէս տեղեկատուութեան մարզին վերաբերեալ:

Խատատի շեշտեց լիբանանեան իրադարձութիւններուն մասին իրանեան կեցուածքներէն տեղեակ ըլլալու եւ իրանեան իրադարձութիւնները իմանալու անհրաժեշտ պատկերասփիւռի կայան մը հիմնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ֆալհայի Մօտ

Խատատի այցելեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հասսան Ֆալհայի, որուն հետ քննարկեց տեղեկատուութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները, յատկապէս տեղեկութիւններու փոխանակման առումով:

 

Նախորդը

Բանակը Ձերբակալեց 2014-ին Հարեթ Հրէյքի Մէջ Պայթում Գործած Ահաբեկիչը

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.