Մուքպել. «Լիբանան Ոչ Մէկ Հարց Ունի` Որեւէ Բարեկամ Պետութեան Նուիրատուութիւնը Ընդունելու»
Սամիր Մուքպել Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել հարցազրոյցի մը մէջ շեշտեց, որ Իրանի կողմէ լիբանանեան բանակին մատուցուած նուիրատուութեան մասին ինք տեղեկագիր մը պատրաստած է եւ յանձնած կառավարութեան, սակայն նախարարաց խորհուրդը տակաւին չէ քննարկած իր տեղեկագիրը: Մուքպել շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանին` ընդգծելով, որ Լիբանան ոչ մէկ հարց ունի` որեւէ բարեկամ պետութեան նուիրատուութիւնը ընդունելու:


















