ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ ինք պատրաստ է քաղաքապետական ընտրութիւններուն առումով որեւէ մրցակցութեան, նոյնիսկ եթէ այդ մրցակցութիւնը ըլլայ Մուսթաքպալ հոսանքին դէմ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յստակ է իր կեցուածքներուն մէջ` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին այդ կեցուածքներուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ ծագած տարակարծութիւններն ու բանավէճերը փոխադարձ հաղորդակցութեան պակաս կը նկատուին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Սահնաուի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ իշխանութեան ստանձնումին առումով քրիստոնեայ համայնքին հաշուոյն մնայուն անիրաւութիւն գոյութիւն ունի:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Սուրիա պիտի վերադառնայ իր նախկին փառքին եւ ինքզինք պիտի վերագտնէ` շնորհիւ իր իմաստուն ղեկավարութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ազգային երկար ուղեգիծի դաշնակից է եւ անոր նկատմամբ Մուսթաքպալ հոսանքը մեծ յարգանք ունի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Ֆուատ Սաատ կոչ ուղղեց Հըզպալլային` նախագահական աթոռի թափուր իրավիճակին վերջ տալու առումով պատմական որոշում տալու:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յոյս յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հասկնայ բոլորին մտահոգութիւնը եւ լուծում մը գտնէ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին:
ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի հաստատեց, որ Հըզպալլա չի փափաքիր, որ Արսալի մէջ խաղաղութիւն տիրէ` իր հետապնդած քաղաքական օրակարգերուն պատճառով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Հըզպալլա կ՛աշխատի գործադրել իրանեան ծրագիր մը` Արսալի բնակիչները բռնագաղթի ենթարկելու իմաստով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտասանած խօսքը պատճառ դառնայ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր արտասանելիք իր խօսքը փոփոխութեան ենթարկէ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը հիմնուած է բաց գիծերու վրայ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի չի վարանիր քրիստոնեաներուն միջեւ բաժանում սերմանելու փորձերէն: