Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Լիբանանի իրաւունքն է պահանջել, որ Սէուտական Արաբիա կասեցնէ Սուրիոյ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն զինումը: ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ շեշտեց, որ Պքերքէ նախագահական բոլոր թեկնածուներէն եւ մարոնի համայնքի բոլոր զաւակներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը բաւական երկարատեւ հոլովոյթ մըն է: Ան նշեց, որ այս հանգրուանին երկրին սահմանադրութեան փոփոխութիւնը դժուար...
















