
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունի պատմական առիթ մը` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը նախագահ ընտրելու առումով:
Իր խօսքը ուղղելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի` Ապու Սաապ մաղթեց, որ զօր. Աունի թեկնածութիւնը վեթոյի չենթարկուի:
Ան հաստատեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յանձնառու է նախագահական ընտրութիւն կատարելու` ընդգծելով, որ լիբանանցիներն ու քրիստոնեայ հանրային կարծիքը կը զօրակցին զօր. Աունի ընտրութեան: