Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիել»-ի Մէջ. Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան 11-րդ Տարելիցի Նշում` Ներկայութեամբ Սաատ Հարիրիի

Փետրուար 15, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

march_14_021416

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 11-րդ տարելիցին առիթով, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի վերադարձաւ Լիբանան` անձամբ ներկայ գտնուելու Պէյրութի մէջ կատարուելիք յիշատակի ձեռնարկին:

Հարիրիի վերադարձը եղաւ նաեւ առիթ մը, որ Մարտ 14-ի քաղաքական բոլոր ուժերը, ինչպէս նաեւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող կողմեր, թէկուզ ներկայացուցիչի մակարդակով, համախմբուին «Պիել»-ի մէջ:

«Իրաւունք ունիս… աւելի քան երբեք» կարգախօսը կրող ձեռնարկին Հարիրիի կողքին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախկին նախագահներ Ամին Ժեմայէլ եւ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Էտկար Մաալուֆ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ներկայացուցիչ, նախարար Ռոնի Արայժի, Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ, առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս, մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ներկայացուցիչ Թայմուր Ժոմպլաթ, Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով դիւանագէտներ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի հազարաւոր հետեւորդներ:

Hariri-11-Years-576_021416

Ռաֆիք Հարիրիի կեանքին եւ գործունէութեան մասին ցուցադրուած վաւերագրական ժապաւէնէն ետք խօսք առաւ Սաատ Հարիրի, որ յայտնեց, թէ իր հայրը պայքարած է ահաբեկչութեան դէմ` ընդգծելով, որ բոլոր տեսակի ահաբեկչութիւնները պիտի չկարենան տապալել Լիբանանը, ինչպէս որ ամէն տեսակի քաղաքական սպանութիւնները չեն կրցած կոտրել իրենց կամքը:

Նախագահական ընտրութեան առումով Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ նախագահական աթոռին պարզած մէկուկէս տարուան թափուր իրավիճակէն ետք իրենք նախաձեռնած են Պքերքէի մէջ ճշդուած չորս թեկնածուներէն` Սլէյման Ֆրենժիէի հետ խորհրդակցիլ, իբրեւ համախոհական թեկնածու:

Սաատ Հարիրի նշեց, որ ինք Ֆրենժիէի հետ հանդիպում մը ունեցած է Փարիզի մէջ եւ համաձայնութիւն գոյացուցած, իսկ այդ մասին Ֆրենժիէ յայտարարած է հարցազրոյցի մը ընթացքին:

«Մեր նպատակը հանրապետութեան նախագահի չգոյութեան վերջ տալն է եւ երկրին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական մարզերուն բարգաւաճումը, ինչպէս նաեւ վարչակարգին եւ քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումը», հաստատեց ան:

Ակնարկելով Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ հաշտութեան` Հարիրի ընդգծեց, որ իրենք այդ հաշտութիւնը շատոնց պահանջած էին, եւ իր խօսքը ուղղելով Ժահժահին մաղթեց, որ շատոնց կատարուած ըլլար այդ հաշտութիւնը, որպէսզի խնայած ըլլային Լիբանանն ու քրիստոնեաները:

Հարիրի կոչ ուղղեց բոլորին ուղղուելու խորհրդարան եւ ընտրելու իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած երեք թեկնածուներէն մէկը, բացի եթէ նախագահական ընտրութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը 21 ամիսէ ի վեր պոյքոթի ենթարկող կողմերուն իսկական թեկնածուն «թափուր աթոռ»-ն է:

Ան շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան նիստին մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու քայլը հակասահմանադրական է:

«Պիել»-ի ձեռնարկէն ետք Հարիրի ուղղուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթը, ուր այցելեց իր հօր դամբարանը:

Հարիրիի Այցելուները

saad_mashnouk_021416

Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր տան մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէէն, որ բարի գալուստ մաղթեց Հարիրիին եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր հօր յիշատակին առիթով:

Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան 11-րդ
Տարելիցին Առիթով Կեցուածքներ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ շեշտեց Ռաֆիք Հարիրիի տեսլականին կառչած մնալու կարեւորութիւնը, որովհետեւ այդ տեսլականէն կը բխի չափաւորականութիւնը, համերաշխութիւնը, համակեցութիւնը, քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ լիբանանեան հզօր պետութիւնը:

«Լիբանան պիտի չմոռնայ Ռաֆիք Հարիրին, որուն համար առաջնահերթութիւն եղած էր երկիրը եւ իր կեանքը զոհած էր անոր սիրոյն», շեշտեց Սալամ:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց, որ Ռաֆիք Հարիրիին եւ անոր զոհողութիւններուն արժանացած երկիր մը` մեծ երկիր է, շեշտելով, որ պէտք է շարունակել նահատակ վարչապետին ազգային ուղեգիծով:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց Հարիրիի յիշատակը յարգելու եւ պահպանելու քաղաքացիական անվտանգութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ ինք եւ Սաատ Հարիրի դէմ են ահաբեկչութեան ու ծայրայեղութեան եւ կը զօրակցին լիբանանեան պետութեան:

Նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ ի վերջոյ Լիբանան պիտի կարենայ դուրս գալ մութ փապուղիէն եւ լոյսի շողերը վայելել:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Հարիրիի սպանութեան տարելիցին առիթով կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն գործակցելու` միասնականացնելու համար ուժերը:

Ռաֆիք Հարիրիի կինը` Նազեք Հարիրի յոյս յայտնեց, որ նախկին վարչապետին ազգային տեսլականն ու հեռանկարները յիշատակի չվերածուին:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ նախկին վարչապետը երկրորդ անգամ սպաննուի:

Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ իրենք պիտի հետապնդեն Հարիրիի սպանութեան հարցը, մինչեւ որ յանցագործները տեսնեն ճաղերու ետին:

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ նշեց, որ Հարիրիի տարելիցը առիթ մըն է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը համախմբելու:

Նախկին նախարար, Սաատ Հարիրիի խորհրդական Ղաթթաս Խուրի շեշտեց, որ Սաատ Հարիրի իր հօր ուղեգիծով պիտի շարունակէ` մինչեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

Երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Սաատ Հարիրի պիտի վերադառնայ Լիբանանի եւ շրջանի պատմութեան մէջ նոր էջ մը բանալու:

Պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ հաստատեց, որ Ռաֆիք Հարիրի մնայուն կերպով կոչ ուղղած է պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ, որովհետեւ անիկա կը հակադրուի ժողովրդավարութեան:

 

 

 

 

Նախորդը

Միւնիխի Մէջ. «Մեր Մեծագոյն Հարցը Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Մեր Անկարողութիւնն Է» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Յաջորդը

Ընդլայնուած Խորհրդակցութիւն` ՀՅԴ Ստեփանակերտի Գրասենեակին Մէջ

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?