Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պելճիքայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ տեղւոյն լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Պելճիքայի լիբանանեան դեսպանատան մէջ կազմակերպուած հանդիպումին ընթացքին Պասիլ շեշտեց լիբանանեան տարազին կառչած մնալու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անիկա է Լիբանանի իսկական պահապանը:
Պասիլ շեշտեց, որ հակառակ մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալելու եւ մէկ տարուան մէջ տասը պայթում վկայելու իրականութեան, Լիբանան կրցած է պահել իր ինքնութիւնը:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան կոչ կ՛ուղղէ սուրիացի գաղթականներուն վերադառնալու իրենց երկիրը` ընդգծելով զանոնք Լիբանանի մէջ բնակեցնելու մերժումը:
«Մենք սուրիացի գաղթականներուն խորհուրդ կու տանք վերադառնալու իրենց երկիրը` պահպանելով Լիբանանի ինքնութիւնը», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով, որ սուրիացի գաղթականներուն «կամովին վերադարձ»-ի յղացքը Լիբանանի դէմ գործադրուելիք հսկայ դաւադրութիւն մը կը նկատուի: