Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկրի Քաղաքական Ու Ընկերային Հարցերը Առանցքը Կազմեցին Տեղական Թէ Դիւանագիտական Խորհրդակցութեանց

Փետրուար 17, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահի ընտրութեան հարցը, վարչամեքենային մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան հարցը, սուրիացի գաղթականներու ուռճացող թիւին պատճառով ստեղծուած կացութիւնն ու առնչակից հարցեր երէկ առանցքը կազմեցին պատկան կողմերուն միջեւ եղած խորհրդակցութեանց ու դրսեւորուած կեցուածքներուն:

Նախ եւ առաջ ուշագրաւ էր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի երէկ երեկոյեան  արտասանած խօսքը, ուր ան վերահաստատելով Լիբանանի գերիշխանութիւնը ընդգծեց զօրեղ դիմադրութեան առկայութիւնը` յաղթահարելու որեւէ մարտահրաւէր, յատկապէս ինչ կը վերաբերի իսրայէլեան վտանգին: Հըզպալլայի նահատակ ղեկավարներուն նուիրուած հաւաքին արտասանած իր խօսքին մէջ սէյիտ Նասրալլա շեշտեց ներքին միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը` կրկնելով Հըզպալլայի ցաւակցութիւնները նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 11-րդ տարելիցին առիթով:

Դարձեալ քաղաքական ծիրին մէջ, նախագահի ընտրութեան հրամայականը շեշտուեցաւ մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ: Արդարեւ, մարոնիներու Ռայի պատրիարքը շեշտեց ընտրութեան իրականացման կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ երկու ղեկավարներու (զօր. Աուն եւ Սամիր Ժահժահ) ծանօթ հանդիպումէն ետք այլեւս ոչ մէկ պատրուակ արդարացի է խուսափելու ընտրական նիստէն: Հաղորդակցութեանց նախարար Պութրոս Հարպ Պքերքէ կատարած իր այցելութեան առիթով ըսաւ. «Պատրիարք Ռայիին հետ համակարծիք ենք, որ հանրապետութեան նախագահի բացակայութիւնը կը յանգի երկրի յատկապէս աստիճանական ջլատումին ու կ՛արգելակէ երկրի օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութեանց հեզասահ գործունէութիւնը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը իր շաբաթական հերթական նիստի աւարտին վերստին շեշտեց զօրեղ ու կարող նախագահի ընտրութեան հրամայականը, որ կրնայ հարթել կուտակուած հարցերը:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին շեշտեց նախագահի ընտրութեան հրամայական պահանջը եւ  այս գծով Հըզպալլայի կեցուածքին անդրադառնալով ըսաւ. «Չեմ ուզեր ըսել, թէ Հըզպալլա չ՛ուզեր նախագահի ընտրութիւնը, սակայն անիկա իր ժամանակը կ՛առնէ»: Հարիրի  աւելցուց, որ այս գծով ինք «ճնշում պիտի բանեցնէ», որպէսզի Հըզպալլա մասնակցի նախագահական յաջորդ նիստին:

Նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ կոչ ուղղեց ընտրելու նախագահ մը, որ յանձնառու ըլլայ Լիբանանի Ազգային ուխտին գործադրութեան եւ երկիրը փրկէ «մեզմէ, մեր կարողութիւններէն մեծ տարողութեամբ տագնապներէն»: «Մեր ծրագիրը ազգային է եւ ոչ թէ իշխանամէտ», ընդգծեց Ժեմայէլ:

Նախկին նախարար Ժան Օպէյտ Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին տուած իր այցելութեան առիթով նոյնպէս շեշտեց նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը, «որովհետեւ այդ իրագործումը կարեւոր է բոլոր լիբանանցիներուն համար»: Օպէյտ մաղթեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի այս գծով տարած ջանքերը դրական արդիւնքներու յանգին:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ ընդգծեց, որ այս հարցը միայն նախագահի ընտրութեամբ չի հարթուիր, այլ` այս իրագործումով պէտք է վերահաստատել վարչամեքենային մէջ քրիստոնեաներու իսկական իրաւունքները, որոնք առաւել եւս ամրագրուեցան ու հաստատուեցան Աուն-Ժահժահ ծանօթ հանդիպումով:

Նաեւ` Դիւանագիտական Մակարդակի Վրայ

Նախագահական ընտրութեան հարցը նոյնպէս առանցքը կազմեց կայացած դիւանագիտական հանդիպումներուն եւ խորհրդակցութեանց: Այս իմաստով Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին երէկ նախկին վարչապետ Հարիրիի հետ իր ունեցած խորհրդակցութեան աւարտին ընդգծեց, թէ «այս հարցը լիբանանեան ներքին հարց է»` միաժամանակ մաղթելով, որ Լիբանան կարենայ ընտրել իր նախագահը:

Նմանապէս` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ երէկ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ իր խորհրդակցութեան ընթացքին շեշտեց նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը` իր զօրակցութիւնը յայտնելով այս հարցի իրագործման ձգտող որեւէ նախաձեռնութեան: Նոյնպէս եւ Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ Աւստրալիոյ դեսպանները երէկ լիբանանցի ղեկավարներուն հետ իրենց ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեցին նախագահի ընտրութեան անյապաղ կայացումը:

Ընկերային Հարցերը` Նոյնպէս

Քաղաքական այս կարեւոր իրագործման պահանջին զուգահեռ, երէկ լուսարձակները կեդրոնացան նաեւ երկրի ընկերային, ժողովրդագրական իրավիճակին վրայ: Փաստօրէն սուրիացի գաղթականներու հոսքով կուտակուած երեւոյթը պատճառ նկատուեցաւ երկրի ժողովրդագրական դրութեան եւ հաւասարակշռութեան խախտումին: Ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս այս գծով յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներու ուռճացող ներկայութիւնը կը նմանի ժողովրդագրական «հիւլէական կայան»-ի: ՄԱԿ-ի առնչակից մարմիններու համագումարին արտասանած իր խօսքին մէջ Տըրպաս դիտել տուաւ, թէ ՄԱԿ-ի պատկան կողմերու խոստացած նպաստը բաւարար չէ հոգալու նման երեւոյթ: Նոյն ծիրին մէջ դարձեալ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ քննեց գաղթականներու հարցին գծով Լիբանանին տրամադրուելիք օգնութեանց հարցը:

Տակաւի՛ն` աղբակոյտերու դէպի Ռուսիա առաքման կարելիութեան գծով բացայայտուած գայթակղութիւնը իր կարգին ցնցեց հանրային կարծիքը` առանցքը կազմելով պատկան կողմերու ընդվզումի արտայայտութեանց:

 

Նախորդը

Նախարար Պասիլ Կը Շարունակէ Իր Հանդիպումները Եւրոպայի Մէջ

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Ղարաբաղեան Տագնապը «Սառեցուած» Չի Նկատեր

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Ընդունեց Լը Տրիանը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Լը Տրիանը

Յունիս 12, 2025
Պըրրի. «Լիբանանն ու Հարաւի Բնակիչները  Ուրիշներէն Առաջ ՖԻՆԻՒԼ-ին Իրենց  Գիւղերուն Մէջ Մնալը Կ՛ուզեն»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Լիբանանն ու Հարաւի Բնակիչները Ուրիշներէն Առաջ ՖԻՆԻՒԼ-ին Իրենց Գիւղերուն Մէջ Մնալը Կ՛ուզեն»

Յունիս 12, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Լիբանանի Մէջ  ՄԱԿ-ի Մարդասիրական Հարցերու Յանձնակատարը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Մարդասիրական Հարցերու Յանձնակատարը

Յունիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?