Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աղբի Տագնապին Լուծման Վերաբերող Փաստաթուղթերը Կեղծելու Մասին Բոլոր Խօսքերը Անճիշդ Են» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

February 20, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիպրոսի դեսպանը եւ Սալամ
Կիպրոսի դեսպանը եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Քրիսթինա Ռաֆթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-կիպրական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ասեմ Քանսօ եւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ իր նախագահած կառավարութիւնը կազմուած էր երեք ամսուան համար, սակայն նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական պայմանները, խորհրդարանին սառած իրավիճակն ու հանրապետութեան նախագահի չգոյութիւնը, նախարարաց խորհուրդը իր ընթացքը շարունակեց երկու տարուան համար:

Սալամ ընդգծեց, որ նախարարաց խորհուրդին աշխատանքներուն ընթացք տալու մասին համաձայնութիւն գոյացած է, սակայն անիկա դժուար աշխատանք է, եւ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կառավարութեան մէջ կացութիւնը հանդարտ պահելու եւ տրուած որոշումներուն պարագային համախոհութիւնը պահպանելու:

Սալամ յոյս յայտնեց, որ քաղաքական ուժերը իրարու միջեւ համաձայնութիւն կը գոյացնեն` շեշտելով, որ աղբի տագնապին լուծման վերաբերող փաստաթուղթերը կեղծելու մասին բոլոր խօսքերը անճիշդ են: Ան դիտել տուաւ, որ աղբերու տագնապին լուծման առումով երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ ճիգ չէ խնայած: Սալամ ողջունեց Շեհայէպը անոր ջանքերուն համար` հաստատելով, որ ան լուրջ եւ թափանցիկ աշխատանք տարած է այդ իմաստով:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ աղբերու տագնապը կը շարունակէ մնալ հիմնական հարց մը, որ պէտք է լուծել:

Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ իրենք կը փորձեն Լիբանանը շրջանային տագնապներէն զերծ կացուցելու քաղաքականութիւնը գործադրել` աւելցնելով, որ Լիբանանի ուժը կը գտնուի իր ներքին միասնականութեան մէջ:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի` մաղթելով, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի փորձերը` նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը արագացնելու իմաստով, յաջողութեամբ պսակուին:

Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն պարզած իրավիճակին մասին վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ Լոնտոնի խորհրդաժողովին ընթացքին ճշգրիտ կերպով ներկայացուած է իրավիճակը եւ Լիբանանի կրած հետեւանքները` մեծաթիւ գաղթականներուն պատճառով:

Վարչապետ Սալամ գնահատեց Լիբանանի ապահովական իրավիճակը, որ կայուն է եւ հակակշիռի տակ:

Նախորդը

Թուրքիա Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանեան Բանակին 1,1 Միլիոն Տոլարի Օժանդակութիւն Տրամադրելու

Յաջորդը

Աղբերու Թղթածրարին Լուծումը Չեղեալ Կը Նկատուի Եւ Տագնապը Կը Վերադառնայ Զերօ Կէտին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.