Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիա Կ՛որոշէ Կասեցնել Լիբանանեան Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Զինելու Օժանդակութիւնները

Փետրուար 20, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական ՈՒԱՍ պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները ընդհանուր կերպով քննարկելէ ետք յանգած է այն որոշումին, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը զինելու օժանդակութիւնները պիտի կասեցնէ:

«Բանակին կատարուելիք երեք միլիառ տոլարի արժողութեամբ օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերուն` մէկ միլիառ տոլարի արժողութեամբ օժանդակութիւնը, որոնք պիտի տրամադրուէին Ֆրանսայի կողմէ, պիտի կասեցուին», յայտնեց սէուտցի պատասխանատու մը` ՈՒԱՍ լրատու գործակալութեան, նշելով, որ այդ որոշումը հետեւանք է Ռիատի նկատմամբ արաբական, շրջանային եւ միջազգային ամպիոններէն արտասանուած Լիբանանի կեցուածքներուն:

Սէուտցի նոյն պատասխանատուն յայտնած էր նաեւ, որ Հըզպալլա իւրացուցած է լիբանանեան պետութեան պաշտօնական որոշումը, որուն դրսեւորումը շօշափելի դարձաւ Արաբական լիկայի եւ Իսլամական պետութիւններու համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհրդաժողովներուն:

«Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած կեցուածքները խոցելի են եւ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութիւններուն չեն համընկնիր, բայց եւ այնպէս Ռիատ կը զօրակցի լիբանանցիներուն եւ յանձնառու կը մնայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումին», հաստատեց սէուտական աղբիւրը:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ հաղորդագրութեամբ մը ցաւ յայտնեց Ռիատի կողմէ տրուած այս որոշումին համար, սակայն նշեց, որ այդ որոշումը Սէուտական Արաբիոյ կողմէ յարմար նկատուած գերիշխան որոշում մըն է:

«Մենք չէինք փափաքեր, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները շեղին իրենց պատմական ուղիէն, եւ նախանձախնդիր ենք, որ այդ յարաբերութիւնները մնան եղբայրական եւ հեզասահ», նշեց Սալամ:

Վարչապետ Սալամ նաեւ հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու է իր արաբ եղբայրներուն եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու պահպանումին:

Վարչապետ Սալամ յոյս յայտնեց, որ Ռիատ վերատեսութեան ենթարկէ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը զինելու օժանդակութիւնները կասեցնելու իր որոշումը:

Սէուտական Արաբիոյ այս որոշումին մասին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ ինք կը հասկնայ Ռիատի որոշումը եւ կոչ ուղղեց Սէուտական Արաբիոյ` Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ իրավիճակը նկատի ունենալու մեծ եղբօր նման: «Իսկ ո՛վ որ կը կարծէ, թէ Լիբանանը կարելի է իրանեան նահանգի վերածել, ապա ան կ՛երազէ», ըսաւ Հարիրի:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր կարգին յայտնեց, որ Հըզպալլա պատասխանատու է Ռիատի որդեգրած այդ որոշումին, իսկ կառավարութիւնը պէտք է արտակարգ նիստ մը գումարէ եւ համապատասխան քայլերը որդեգրէ` Հըզպալլայէն պահանջելով Սէուտական Արաբիոյ դէմ կեցուածքներ չորդեգրել եւ կամ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը կազմել եւ վարչապետին նախագահութեամբ այցելել Սէուտական Արաբիա` վերջինէս խնդրելով այդ որոշումը բեկանել:

Իր կարգին, Հըզպալլա հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն տրամադրուելիք սէուտական օժանդակութեան կասեցումը ոչ ոք կրնայ զարմացնել, որովհետեւ այդ որոշումը երկար ժամանակէ ի վեր` այս իշխանութեան օրով տրուած է:

Ամբողջ աշխարհին համար ծանօթ է, թէ Սէուտական Արաբիա տնտեսական տագնապէ կը տառապի` Եմէնի դէմ զինուորական գործողութիւններուն եւ քարիւղի սակերուն արձանագրած անկումին պատճառով:

Հըզպալլա հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիոյ տուած որոշումին պատասխանատուութիւնը իրենց վերագրելը ձախող փորձ մըն է եւ կը բացայայտէ անոր կեղծաւորութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով:

Նշենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարութիւնները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Սէուտական Արաբիոյ որոշումին:

Նախորդը

Աղբերու Թղթածրարին Լուծումը Չեղեալ Կը Նկատուի Եւ Տագնապը Կը Վերադառնայ Զերօ Կէտին

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Պաքուի Մէջ Քննած Է Արցախի Հարցը

RelatedPosts

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին  Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու» Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը

Յուլիս 15, 2025
Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ  Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար  Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման

Յուլիս 15, 2025
Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ  Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց  Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ  Շարունակելու Կարելիութիւնը»
Լիբանանեան

Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ Շարունակելու Կարելիութիւնը»

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?