Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդառաջելով Ժել Էլ Տիպի Կամուրջի Վերակառուցման Պահանջին` Կառավարութիւնը 24 Ժամ Պայմանաժամ Տուաւ Աղբակոյտերու Հարցին Գծով

Փետրուար 19, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

MinisterialCouncil3_021816

Նախարարաց խորհուրդը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` քննելու համար քաղաքացիները յուզող հիմնահարցերը:

Նախ եւ առաջ վարչապետ Թամմամ Սալամ ողջունելով ժողովականները վերահաստատեց նախագահական ընտրութեան կայացման հրամայականը` ընդգծելով, որ այս հեղինակութեան բացակայութիւնը ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ երկրի ընդհանուր կացութեան վրայ եւ կը վտանգէ երկրին սահմանադրական հաստատութեանց հեզասահ ընթացքը: Ապա վարչապետը  օրակարգի կէտերէն դուրս արծարծեց աղբակոյտերու հարցը` այս գծով արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ: Ան վերստին յիշեցուց աղբերու երկրէն հեռացման գծով անցնող 9 սեպտեմբերին կառավարութեան տուած որոշումին տուն տուած մանրամասնութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի  այս հարցին դասաւորումը «Շինոք» ընկերութեան վստահելու ընտրանքին: Շուրջ հինգ ժամ տեւած կարծիքներու փոխանակումէն ետք նախարարաց խորհուրդը վերահաստատեց «Շինոք» ընկերութեան տրուած պայմանաժամը, որ կ՛աւարտի այսօր: Վերջինիս փոխանցելիք զեկուցումին կամ լուսաբանութեան լոյսին տակ այս հարցով առնչակից  նախարարաց  ենթայանձնախումբը ժողով պիտի գումարէ վաղը` շաբաթ օր, վճռելու համար աղբերու  հարցին «ճակատագիրը»: Չհամոզուելու պարագային հաւանական կը նկատուի, որ կառավարութիւնը վերադառնայ աղբանոցներ որոնելու ընտրանքին: Իսկ այս գծով խոստացուած 50 միլիառ  լիբ. ոսկիի պիւտճէն պիտի վերադարձուի կառավարութեան:

Ժողովականները նաեւ քննեցին օրակարգի վրայ դրուած հարցերը եւ տուին համապատասխան որոշումներ:

Ժել էլ Տիպի կամուրջին գծով կառավարութիւնը ընդառաջեց Վերակառուցման եւ բարգաւաճումի խորհուրդի առաջարկին` նշեալ կամուրջի վերակառուցման գծով, նախօրօք  առաջարկուած պիւտճէին համաձայն:

Ժողովը նաեւ համաձայն գտնուեցաւ Պարէնի միջազգային կազմակերպութեան ՖԱՈՒ-ի շրջանային վեհաժողովին, յառաջիկայ 18-22 ապրիլին:

Նշենք, որ կառավարութեան որոշումներու յայտարարութեան զուգահեռ, «Շինոք» ընկերութիւնը  ներկայացնող փաստաբանը հրաժարեցաւ ընկերութեան շահերը պաշտպանելէ:

Ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տրպաս ժողովէն մեկնեցաւ յայտարարելով, թէ «բան չէ հասկցած ժողովի քննարկումներէն»:

Ժել էլ Տիպի բնակիչները առկախեցին երէկ երեկոյեան նախատեսուած իրենց ցոյցը` սպասելով կամուրջի վերակառուցման գործադրութեան սկիզբին:

Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի ըսաւ. «Սպասեցէք ինձմէ նոր քայլեր», յայտնապէս ակնարկելով նախկին նախարար Միշել Սմահայի դատավարութիւնը Արդարութեան ատեան փոխանցելու գծով: Աւելի ուշ իմացուեցաւ, թէ ան այս գծով  մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ այսօր կէսօրէ ետք:

Նախորդը

Հարիրի Քաղաքական, Ապահովական Եւ Դիւանագիտական Պատասխանատուներու Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Արփինէ Յովհաննիսեան Կարեւոր Կը Նկատէ Հասարակական Կազմակերպութիւններու Ազատ Գործունէութեան Ապահովումը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?