ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական պիւտճէի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ յանձնախումբը որոշած է Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդը հրաւիրել` զեկուցելու համար աղբերը երկրէն դուրս հանելու ծախսերուն մասին:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Իրանի իսլամական կալուածներու պատասխանատուներուն մէկ պատուիրակութիւնը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ աղբերուն թղթածրարը լուծելու հարցով գայթակղութեան կրկնութիւնը կը վնասէ Լիբանանի պատկերին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Սերժ Տաղեր շեշտեց, որ աղբերու թղթածրարին հարցը քննող ընկերութիւններուն մասին հետաքննութիւն պէտք է բանալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ խորհրդարանի յաջորդ նիստը պիտի ըլլայ նախորդ նիստերուն նման` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային հանրապետութեան ոչ մէկ նախագահ պիտի ընտրուի:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները պիտի չմասնակցին նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին, բացի երբ համաձայնութիւն մը գոյանայ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պիտի այցելէ Մոսկուա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի կոչ ուղղեց աղբերու տագնապին յստակ լուծում մը գտնելու:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի շրջանակները տնտեսական լուրջ տագնապ մը կը դիմագրաւեն:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտած է, որ այսուհետեւ Ազգային երկխօսութեան նիստը պիտի վերադառնայ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին քննարկման:
ԸՍՏ «Հայաթ» օրաթերթին, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Ժան Մարք Էրոյի հետ քննարկած է նախագահական ընտրութեան տագնապը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն ներկայութեան հետեւանքները:
ԱԶԳԱՅԻՆ Ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձին պատճառով Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը վերադարձած է զերօ կէտին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուութեան եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի փոխանցած է, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կառչած պիտի մնայ անոր թեկնածութեան:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստին ընթացքին անկարելի պիտի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հաստատած է, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի չանտեսէ քրիստոնէական կամքը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա ոչ մէկ արգելք ունի, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն համաձայնութիւն յայտնէ այդ իմաստով: