Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Աղբի Տագնապին Լուծումը Կը Գտնէ Քաղաքապետարաններու Աշխատանքը Քաջալերելու Շրջագիծին Մէջ
Սելիմ Ժրայսաթի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ լիբանանեան մակարդակով իրենք քաղաքական բոլոր ուժերուն նկատմամբ բաց քաղաքականութիւն կը կիրարկեն, հակառակ իրենց քաղաքական դաշինքներուն: Ան հաստատեց, որ Լիբանան արաբական ինքնութիւն ունի եւ կը մասնակցի Արաբական լիկայի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ անոր հիմնադիր անդամներէն մէկը...



















