Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Նազարեան Քննեց Ամբարտակներու Կառուցման Եւ Սուրիոյ Հետ Ջուրերու Բաժնեկցութեան Կարելիութիւնները

February 18, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

nazarian_021716

Ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ ընդունեց ծովափի  միջազգային ջուրերու օգտագործման եւ բաժնեկցութեան լիբանանեւսուրիական հասարակաց յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմէին սուրիական կողմէն` ջրաբաշխումի ընդհանուր խորհուրդի ընդհանուր տնօրէն Սամեր Ահմետ, պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, իսկ լիբանանեան կողմէն` ջրաբաշխումի եւ ելեկտրականութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Քմէյր:

Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան վերջին երկու օրերու քննարկումներուն վրայ, որոնց ընթացքին արծարծուած էին միջազգային ջուրերու օգտագործումով  ջրահոսքի փոխանցման ու պահեստի ամբարտակներու կառուցման կարելիութիւնները Որոնդէս գետի լիբանանեան տարածքին մէջ: Քմէյր շեշտեց նման քայլի մը իրականացման կարեւորութիւնը, որովհետեւ այդպիսով կարելի պիտի դառնայ եօթը հազար հեկտար տարածքի ոռոգումը, ինչ որ դրականօրէն պիտի անդրադառնայ Հերմելի եւ Քահի երկրագործական մարզի բարգաւաճման:

Խօսակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ նման այլ ամբարտակներու` Ատլինի եւ Նուր Թահթայի կառուցման կարելիութիւնները: Այս առիթով կողմերը համաձայն գտնուեցան  լիազօրելու լիբանանեան կողմը, որ կապ պահէ միջազգային պարէնի կազմակերպութեան` «ՖԱՈՒ»-ի հետ, այս վերջինի փորձառութենէն օգտուելու եւ անոր  օժանդակութիւնը հայցելու նշեալ ծրագիրներու գործադրութեան մէջ: Ժողովականները քննարկեցին նաեւ առնչակից այլ հարցեր:

Նաեւ` Դեսպաններու Հետ

Նախարար Նազարեան երէկ նաեւ ընդունեց Յորդանանի դեսպան Նեպիոլ Մասարուէն եւ Պրազիլի դեսպան Ժորժ Քորտահին: Հոս ալ  խօսակցութեանց առանցքը կազմեցին ուժանիւթի, ջուրերու եւ քարիւղի առնչակից հարցերը: Այս առիթով Յորդանանի դեսպանը նախարար Նազարեանին փոխանցեց հրաւէր մը` մասնակցելու ուժանիւթի յորդանանեան միջազգային երկրորդ վեհաժողովին, որ պիտի գումարուի Ամմանի մէջ, 16-17 մայիսին:

 

 

Նախորդը

Դատապարտումի Հաւաք Զամաթայի Սպանութեան Դէմ` Սեսինի Հրապարակին Վրայ

Յաջորդը

Հակառակ Դրսեւորուող Կարգ Մը Յոռետես Կեցուածքներու. Սերտ Ճիգեր` Քաղաքական Մարտահրաւէրներու Յաղթահարման Համար

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.