
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյեսը, որ հաստատեց, որ թրքական կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է լիբանանեան բանակին 1,1 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրելու:
Էրճիյես յայտնեց, որ Թուրքիա իր այս որոշումով կ՛ընդառաջէ լիբանանեան բանակին կարիքներուն:
Մուքպելի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Էրճիյես շեշտեց, որ Թուրքիա յանձնառու է լիբանանեան-թրքական զինուորական գործակցութիւնը ամրապնդելու` յաջորդող տարիներուն ընթացքին:


