Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տար Ֆաթուայի Մէջ . «Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Եւ Հըզպալլան Պատասխանատու Են Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Վատթարացման» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

Փետրուար 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հարիրի եւ միւֆթի Տըրիան
Հարիրի եւ միւֆթի Տըրիան

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա` հանդիպում մը ունենալու համար հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ ինք կը հասկնայ սէուտական կեցուածքը` բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զինման օժանդակութիւնները կասեցնելու իմաստով: Ան դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ Սէուտական Արաբիոյ հետ ստեղծուած հարցը լուծելու նպատակով, որովհետեւ Սէուտական Արաբիա մնայուն կերպով օժանդակած է Լիբանանին:

Հարիրի շեշտեց, որ Ռիատի դէմ Հըզպալլայի եւ այլոց կեցուածքները մերժելի են եւ Լիբանանի ու լիբանանցիներուն պաշտօնական կեցուածքը չեն դրսեւորեր:

«Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը եւ Հըզպալլան պատասխանատու են Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացման», ըսաւ Հարիրի:

Ան դիտել տուաւ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի դատապարտած է Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դէմ գործուած յարձակումը, մինչ Լիբանան այս իմաստով պաշտօնական ոչ մէկ կեցուածք արտայայտած է:

Անդրադառնալով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան զօրակցելու իրականութեան` Հարիրի շեշտեց, որ ինք կը շարունակէ զօրակցիլ Ֆրենժիէի` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ պէտք է զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը յետս կոչէ:

Աւելի ուշ, Ժահժահ հետեւեալ կերպով պատասխանեց Հարիրիի առաջարկին. «Սիրո՛վ շէյխ Սաատ, բայց ի՞նչ կը կարծես հակառակը կատարելու մասին»:

Քլեմանսոյի Մէջ

Հարիրի շաբաթավերջին այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Ժոմպլաթի հետ քննարկած է նախագահական ընտրութեան եւ այդ հոլովոյթը արագացնելու կարելիութիւնները:

Իր կարգին, Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Հարիրիի ներկայութիւնը հիմնական է, իսկ նախագահական աթոռին թափուր մնալը ամէն իմաստով վտանգաւոր է եւ կը վնասէ Լիբանանին ու լիբանանցիներուն:

ՇԱԲԱԹ երեկոյեան Հարիրի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին փոխվարչապետ Միշել Մըրը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մուքպել. «Լիբանան Ոչ Մէկ Հարց Ունի` Որեւէ Բարեկամ Պետութեան Նուիրատուութիւնը Ընդունելու»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?