Վերջերս յաճախակիօրէն կրկնուեցան կարգ մը յոռետես կեցուածքներ, ուր մտավախութիւններ ցուցաբերուեցան երկիրը յուզող հիմնահարցերու լուծման ձգձգումին գծով, մերթ ապահովական մտահոգութիւններով, մերթ շրջանային առնչակից կողմերէն «կանաչ» լոյսի ուշացման եւ առհասարակ պայմաններու աննպաստ ըլլալուն հիմնաւորումներով: Այս ծիրին մէջ, օրինակ, լիբանանցի լրագրող, մեկնաբան Ժորժ Ալամ, երէկ ձայնասփռուած յայտարարութեամբ, անհաւանական նկատեց երկրի հիմնահարցերու (որոնց շարքին նախ եւ առաջ` նախագահական ընտրութեան հարցը) շուտափոյթ լուծման հաւանականութիւնը գէթ ներկայիս, այն բացատրութեամբ, թէ այս գծով լուծման նախաքայլերը բաւարար չափով չեն հասունցած:
Նոյն ծիրին մէջ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ վերապահ գտնուեցաւ նախագահական ընտրութեան իրականացման գծով` գէթ առայժմ: Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Ապպաս նոյնպէս որոշ մտավախութիւններ արտայայտեց կացութեան, յատկապէս` ապահովական վիճակի զարգացումներուն գծով միաժամանակ վերահաստատելով իր վճռակամութիւնը` յաղթահարելու ամէն խոչընդոտ:
Նախկին նախարար Ֆատի Ապպուտ նոյնպէս յոռետես արտայայտուեցաւ նախագահական ընտրութեան նիստին յաջողութեան գծով: Այս եւ նման կեցուածքներ յոռետես մթնոլորտ ստեղծեցին, ինչ որ ղեկավար պատկան անձնաւորութիւններն ու մարմինները մղեց «շարժելու»: Այս դիտանկիւնէն կը մեկնաբանուին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ձեռնարկած մագոգային հանդիպումները երկրի քաղաքական, կուսակցական թէ զինուորական պատասխանատուներուն եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն հետ: Այս իմաստով Հարիրի երէկ Ազգային երկխօսութեան նիստի աւարտին իր բնակարանին մէջ հիւրընկալեց նախագահական թեկնածու, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն` վերահաստատելով այս վերջինի թեկնածութեան գծով իր յանձնառութիւնը: Նոյն ծիրին մէջ Հարիրի երէկ երեկոյեան այցելեց Այն Թինէ, ուր գլուխ-գլխի խորհրդակցութիւն ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Դարձեալ այս ծիրին մէջ կ՛իյնայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն երեսփոխանական պատուիրակութեան մը Միացեալ Նահանգներ այցելութեան նախաձեռնութիւնը, ուր երեսփոխանները ամերիկեան պատկան շրջանակներուն եւ պատասխանատուներուն պիտի պարզեն լիբանանեան իրադրութեան իսկական իրավիճակը եւ այս գծով իրենց մօտեցումը: Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ այս իմաստով այցելութիւն մը տուաւ Պքերքէ` Ռայի պատրիարքին պարզելով տիրող կացութիւնը եւ այս գծով առաջադրուող լուծման նախաձեռնութիւնները:
Դարձեալ նոյն առաջադրանքով էր երէկ խորհրդարանի նախագահին կոչը` վերաշխուժացնելու երկրի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեանց գործունէութիւնը:
Իր կարգին, վարչապետ Թամմամ Սալամ վճռած է անյապաղ հարթել ցցուող բոլոր խոչընդոտներն ու մարտահրաւէրները, որոնց մէջ նախ եւ առաջ ուշագրաւ տեղ կը գրաւէ աղբակոյտերու դէպի Ռուսիա արտածման գծով ծագած «թիւրիմացութիւն»-ը: Սալամ պատկան մարմիններուն տուաւ 48 ժամուան պայմանաժամ` ստուգելու այս հարցին` զեղծարարութեան մասին իրականութիւնը եւ լուսաբանելու այս հարցի լուծման հոլովոյթը: Փաստօրէն, ըստ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի, «Շինոք» ընկերութեան ներկայացուցած թուղթերը կեղծ չեն, այլ կը կարօտին ռուսական կարգ մը մարմիններու վաւերացման եւ ստորագրութեան: Նմանապէս, կենսոլորտի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը 24 ժամուան պայմանաժամ տուաւ պատկան կողմերուն, յատկապէս` Վերակառուցման եւ բարգաւաճման խորհուրդին եւ «Շինոք» ընկերութեան, վճռելու այս հարցին իսկական պատկերը:
Առ այդ, յառաջիկայ մարտ ամիսը կարեւոր ժամկէտ կը թուի երկրի հիմնահարցերու լուծման ուղղութեամբ: Այլապէս` ընկերային-քաղաքացիական շարժումները հասած են «պոռթկումի սեմին»: Երէկ երեկոյ վարչապետ Սալամի բնակարանին առջեւ կատարուած բողոքի հաւաքը կը նկատուի նախաքայլ մը, որ կը դրսեւորէ քաղաքացիներու անհամբեր ու լարուած ցասումի տրամադրութիւնները: