Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան կոչ ուղղեց քաղաքական սադրանքներով չտարուելու եւ Լիբանանը վտանգի չենթարկելու:

ՏԱՀԵՇ-Ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններու հարազատներուն անունով Նիզամ Մղէյթ շեշտեց, որ իրենք լուռ պիտի չմնան եւ պիտի վերսկսին դիմել մագլցողական քայլերու:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ տեղեկատուական եւ քաղաքական ցուցադրութիւններով կարելի չէ հանրապետութեան նախագահ ընտրել:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը ամէն ջանք ի գործ չի դներ 2 մարտ 2016-ի նախագահական ընտրութեան նիստին համար օրինաթիւ ապահովելու:

ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը պատրաստուի 2 մարտ 2016-ին ժողովրդային շարժումներու նախաձեռնելու:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ լրջօրէն կը սերտէ 2 մարտ 2016-ի նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին մասնակցելու կարելիութիւնները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութիւն կատարելու հարցին միակ լուծումը պիտի ըլլայ այն, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յետս կոչէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը եւ ուղղուի զօրակցելու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանան վերադարձած է` ընդառաջելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ ղրկուած պատգամ-նշաններուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է լաւ իմանայ, թէ լիբանանցիները կը մերժեն անոր բանեցուցած ճնշումներուն ենթարկուիլ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ, զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ անկարելի է ժողովրդավարութիւնը պարտադրել քաղաքական գործընկերոջ վրայ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ աշխատանքի նախարարութիւնը իր ներկայ կարողութիւններով անկարելի է, որ իր պարտականութիւնները կատարէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Էլիաս Հանքաշ նշեց, որ քաղաքական առումով Լիբանան ձախող հանգրուանի մը մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն փտածները հաշուետուութեան կանչել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ իրենք ոչինչ կ՛ակնկալեն նախագահական ընտրութեան 2 մարտի նիստէն, որ պիտի ըլլայ իր նախորդներուն նման:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ երկրին սահմանադրութիւնը եւ Ազգային ուխտը անկարելի է իրարմէ բաժնել, իսկ քրիստոնեայ պետական պաշտօնեաներուն պարագային նման բաժանում կատարելը դասալքութիւն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը պէտք է յստակ լուծումներ տրամադրէ անլոյծ հարցերուն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կը փորձեն Հըզպալլայի քրիստոնեայ դաշնակիցը հարուածել:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուին ցաւակցական հեռագիրներ յղեց Անգարան հարուածած ահաբեկչական պայթումին առիթով:

 

 

 

Նախորդը

Հոմսի Եւ Սայիտա Զէյնապի Մէջ Ականահարումներու Շարքը Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Յաջորդը

Տար Ֆաթուայի Մէջ . «Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Եւ Հըզպալլան Պատասխանատու Են Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Վատթարացման» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?