Լիբանանեան

Աղբերու  Տագնապին Դէմ Բողոքելով`  Փաղանգաւոր Երիտասարդներ Խաղաղ Ցոյց Մը Կազմակերպեցին

Աղբերու Տագնապին Դէմ Բողոքելով` Փաղանգաւոր Երիտասարդներ Խաղաղ Ցոյց Մը Կազմակերպեցին

Աղբերու տագնապին լուծման ձգձգման ու անոր ժխտական հետեւանքներուն դէմ բողոքելով` Փաղանգաւոր կուսակցութեան ուսանողական թեւն ու համակիր երիտասարդներ երէկ բողոքի խաղաղ ցոյցով մը «քայլարշաւ» կատարեցին կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնատեղիէն «Նահար» թերթին ուղղութեամբ` հասնելով մինչեւ վարչապետարանի մերձակայքը: Նախկին նախարար Սելիմ Սայէղ ըսաւ. «Պիտի ընենք ինչ որ պէտք է` «քաղաքացիներուն պաշտպանութեան համար»:  

ՏԱՀԵՇ-ի Մօտ Գտնուող Առեւանգուած  Բանակայիններուն Ընտանիքները  Բողոքի Ցոյց Մը Կատարեցին

ՏԱՀԵՇ-ի Մօտ Գտնուող Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Բողոքի Ցոյց Մը Կատարեցին

ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները երէկ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի դիմաց կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք կառավարութիւնը զգուշացուցին, թէ իրենք հրէշներու պիտի վերածուին եւ պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու, եթէ կառավարութիւնը շարունակէ իրենց հարազատներուն թղթածրարը անտեսել: Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն անունով Նիզամ Մղէյթ կոչ ուղղեց կառավարութեան արտօնելու, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ամբողջական իրաւասութիւնները ստանայ իրենց զաւակներուն...

Պըրրի. «Շրջանին Դիմագրաւած Տագնապին  Լուծման Բանալին Իրանեան-Սէուտական Մերձեցումն Է»

Պըրրի. «Շրջանին Դիմագրաւած Տագնապին Լուծման Բանալին Իրանեան-Սէուտական Մերձեցումն Է»

Պըրրի եւ Սիկրիտ Պրաք Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պելճիքայի խորհրդարանի նախագահ Սիկրիտ Պրաքի հետ, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուելիք օժանդակութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ, յատկապէս Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի կատարուած առաջարկները, որոնք կը վերաբերէին լիբանանցիներուն եւ գաղթականներուն օգտակար հանդիսացող ներդրումներու կատարման: Պըրրի պելճիքացի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկեց նաեւ լիբանանեան բանակին օժանդակելու եւ անոր...

Մաշնուք. «Լիբանան Կ՛ուղղուի Դէպի Արաբական  Հսկայ Տագնապ, Իսկ Հըզպալլայի Հետ  Երկխօսութիւնը Պէտք Է Կասեցնել»

Մաշնուք. «Լիբանան Կ՛ուղղուի Դէպի Արաբական Հսկայ Տագնապ, Իսկ Հըզպալլայի Հետ Երկխօսութիւնը Պէտք Է Կասեցնել»

Նուհատ Մաշնուք Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ Մուսթաքպալ հոսանքի երկխօսութիւնը պէտք է կասեցնել` նշելով, որ այդ երկխօսութեան նպատակն էր յարանուանական սադրանքները մեղմացնել եւ նախագահական ընտրութիւն կատարել: Մաշնուք յայտնեց, որ առաջին նպատակին իմաստով արձանագրուած է սահմանափակ յաջողութիւն, իսկ երկրորդին պարագային ոչ մէկ յառաջխաղացք: «Մենք կ՛ուղղուինք դէպի յարանուանական սադրանքներու լուրջ հանգրուան մը», ըսաւ ան` աւելցնելով,...

Լիբանանեան Ուժեր Եւ Ընկերվար Յառաջդիմական  Կուսակցութիւնները Ներկայացնող  Պատուիրակութիւններ Այցելեցին Զօր. Աունի

Լիբանանեան Ուժեր Եւ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւնները Ներկայացնող Պատուիրակութիւններ Այցելեցին Զօր. Աունի

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններուն: Հանդիպումէն ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ իրենց եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ հանդիպումները պիտի շարունակուին` քննարկելու համար լիբանանեան բոլոր հարցերը, որոնց շարքին նաեւ Լիբանանի դէմ սէուտական որոշումը: Համախմբումի ընդհանուր...

Հարիրի. «Դժուար  Հանգրուան Մը Կը Դիմագրաւենք»

Հարիրի. «Դժուար Հանգրուան Մը Կը Դիմագրաւենք»

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ մասնակցեցաւ Թարիք Ժտիտէի «Իմամ Ալի» մզկիթին մէջ կատարուած նամազին, որմէ ետք ան յայտնեց, որ Լիբանան դժուար հանգրուան մը կը դիմագրաւէ, «սակայն մեզի համար մեր դատը յստակ է` անիկա Լիբանանն է եւ արդարութիւնը: Մենք միշտ ալ պաշտպանած ենք մեր երկիրը, իսկ ես վերադարձած եմ Լիբանան եւ պիտի մնամ ձեր կողքին», ըսաւ ան: Միւս կողմէ, Հարիրի Կեդրոնական...

Արայժի. «Մարտ 2-ի Նախագահական Ընտրութեան  Նիստին Օրինաթիւի Գոյացումը Անհաւանական Է»

Արայժի. «Մարտ 2-ի Նախագահական Ընտրութեան Նիստին Օրինաթիւի Գոյացումը Անհաւանական Է»

Մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի հարցազրոյցի մը ընթացքին անհաւանական նկատեց, որ նախագահական ընտրութեան 2 մարտի խորհրդարանի նիստին օրինաթիւը կարելի ըլլայ գոյացնել: Արայժի շեշտեց, որ ոչ ոք արգելակած է Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան առումով շարք մը պայմաններ ձեռնտու չեն տակաւին, «բայց եւ այնպէս Ֆրենժիէ կը շարունակէ մնալ թեկնածու», ըսաւ ան: Ֆրենժիէի թեկնածութեան մասին Հըզպալլայի ընդհանուր...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական  Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայես եւ երիտասարդական թեւի պատասխանատու Սալամ Ապտել Սամատ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած ազդեցութիւնները:...

Սէուտական Արաբիա Վտարեց  90 Լիբանանցի Պաշտօնեաներ

Սէուտական Արաբիա Վտարեց 90 Լիբանանցի Պաշտօնեաներ

Սէուտական Արաբիոյ մէջ աշխատող 90 լիբանանցի պաշտօնեաներ իրենց գործատէրերէն երէկ իմացան, որ իրենք պաշտօնէ արձակուած են: Այս որոշումով Ռիատ կը հաստատէ, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները դարձած են խոցելի: Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի երէկ շարունակեց դեսպանատան մէջ ընդունիլ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները վերստին հեզասահ դարձնելու քայլերուն զօրակցող շարք մը պատուիրակութիւններ: Ասիրի յայտնեց, որ ինք վարչապետ...

Ռայի Պատրիարքը Մեկնեցաւ Էրպիլ

«Կառավարութիւնը Կ՛արտայայտէ Լիբանանի Պաշտօնական Կեցուածքը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Պշարա Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հռոմի մէջ ընդունեց Իտալիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ռայէտ պըն Խալետ Քարմալին, որուն հետ քննարկեց Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս Լիբանանը յուզող հարցերը: Հանդիպումին ընթացքին Ռայի շեշտեց Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ երկկողմանի հեզասահ յարաբերութիւնները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի եւ սէուտցի կը մերժեն այդ յարաբերութիւնները համայնքային, առանցքային եւ շրջանային տագնապներու...

Վարչապետ Սալամ Նախարարներէն Խնդրեց  Արաբական Համախոհութիւնը Նկատի Ունենալ`  Երկրին Դիմագրաւած Զգայուն Այս Հանգրուանին Ընթացքին

Վարչապետ Սալամ Նախարարներէն Խնդրեց Արաբական Համախոհութիւնը Նկատի Ունենալ` Երկրին Դիմագրաւած Զգայուն Այս Հանգրուանին Ընթացքին

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ անդրադարձած է Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն կողմէ Լիբանանի հետ ստեղծուած տագնապին` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է կառչած մնալ անցեալ երկուշաբթի օրուան նիստին ընթացքին կառավարութեան ցուցաբերած համախոհութեան` նկատի ունենալով, որ երկիրը կը դիմագրաւէ զգայուն հանգրուան մը: Վարչապետ Սալամ...

Մինչեւ Ե՛րբ Քարկոծել Եզակի Այս Կառոյցը (Լիբանանեան Բանակի 70-Ամեակ)

Մինչ Երկրին Ապահովական Կայունութեան Խախտումին Մասին Լուրեր Շրջանառութեան Մէջ Կը Դրուին. Բանակը Կը Ձերբակալէ Յանցագործներ

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Ուատի Խալետի Ռամա գիւղաքաղաքին մէջ ձերբակալեց Ալի Շահեր Ղազին, որ ահաբեկչական շարք մը գործողութիւններ կատարած է, զէնքի եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգութեամբ զբաղած, ինչպէս նաեւ փաստաթուղթեր կեղծած: Բանակը զինք ձերբակալած է կնոջ հագուստով ծպտուած վիճակի մէջ: Նշենք, որ բանակը Մասնահի սահմանին վրայ ձերբակալած է 8 սուրիացիներ, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած են Լիբանան: Միւս կողմէ, շրջանառութեան մէջ...

Քաղաքացիական Ընկերութեան Շարժումի  Գործիչները Մագլցողական Քայլերու Կը Դիմեն

Քաղաքացիական Ընկերութեան Շարժումի Գործիչները Մագլցողական Քայլերու Կը Դիմեն

Քաղաքացիական ընկերութեան շարժումի «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւի անդամներ երէկ կէսօրին ուղղուեցան Պետական հետաքննիչ մարմնի կեդրոնատեղին, որուն դիմաց գործադրեցին բողոքի ցոյց մը` անկէ պահանջելով հետեւիլ փտածութեան թղթածրարներուն մանրամասնութիւններուն: Քաղաքացիական ընկերութեան շարժումի գործիչները կոչ ուղղեցին վարչապետ Թամմամ Սալամին Պետական հետաքննիչ մարմինը հրաւիրելու նիստի մը` քննարկելու համար փտածութիւնը: Անոնք հաստատեցին, որ Պետական հետաքննիչ մարմինի կեդրոնին դիմաց պիտի լարեն վրաններ եւ գործադրեն բողոքի բաց...

Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւնը  Իր Պատմական Վիճակին Վերադարձնելու  Լիբանանի Բոլոր Փորձերը Ցարդ Ձախողած Են

Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւնը Իր Պատմական Վիճակին Վերադարձնելու Լիբանանի Բոլոր Փորձերը Ցարդ Ձախողած Են

Դեսպան Ասիրի եւ վարչապետ Սալամ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած երկփեղկումը կարծէք սկսած է աւելի եւս խորանալ` նկատի ունենալով, որ Ռիատ ոչ միայն կ՛անտեսէ Լիբանանի կոչերը եւ յարաբերութիւնները բարելաւելու ճիգերը, այլ` յաւելեալ ճնշումներ կը բանեցնէ Լիբանանի վրայ: Յաւելեալ ճնշումներու շրջագիծին մէջ երէկ հաղորդուեցան երկու լուրեր, որոնց աղբիւրները մնացին անպաշտօն: Անոնցմէ մէկն էր այն, որ սէուտական օդանաւային ընկերութիւնը...

Պրիւքսէլի Մէջ.   Պըրրի Կը Մերժէ Բնակեցումը Եւ Կը Հաստատէ  Լիբանանի Կառավարութեան  Աշխատանքի Շարունակութիւնը

Պրիւքսէլի Մէջ. Պըրրի Կը Մերժէ Բնակեցումը Եւ Կը Հաստատէ Լիբանանի Կառավարութեան Աշխատանքի Շարունակութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Պրիւքսէլի մէջ իբրեւ պատուոյ հիւր մասնակցեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Պելճիքայի` լիբանանեան մեծ գաղութ մը ընդունելուն, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պելճիքական ջոկատին մասնակցութեան համար: Պըրրի շեշտեց, որ իրենք պիտի փորձեն Լիբանանի եւ Պելճիքայի խորհրդարաններուն միջեւ 12 փետրուար 2013-ին ստորագրուած գործակցութեան համաձայնագիրը վերանորոգել,...

Աղբի Տագնապը Կը Մնայ Անլոյծ

Աղբի Տագնապը Կը Մնայ Անլոյծ

Վարչապետ Թամմամ Սալամի գլխաւորութեամբ, երէկ յետմիջօրէին աղբի տագնապին լուծման նախարարական յատուկ յանձնախումբը գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին շարունակեց քննարկումները: Նիստին մասնակցեցան երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ եւ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի...

Մուսթաքպալ-Հըզպալլա  Երկխօսութեան 20-րդ Նիստ

Հըզպալլան Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքը Քննարկեցին Ներկայ Իրադարձութիւնները

Հըզպալլա եւ Մուսթաքպալ հոսանքը նախանցեալ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ գումարեցին իրենց միջեւ երկխօսութեան 25-րդ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ քննարկուած են լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:  

Մուքպել Պոնի Եւ Բրիտանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ Քննարկեց  Բանակը Զինելու Կարելիութիւնները

Մուքպել Պոնի Եւ Բրիտանական Պատուիրակութեան Մը Հետ Քննարկեց Բանակը Զինելու Կարելիութիւնները

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ներկայ իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ նաեւ` լիբանանեան բանակին կատարուած սէուտական օժանդակութիւնը կասեցնող Ռիատի որոշումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ի գործ դրած ջանքերը` Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները վերահաստատելու: Մուքպել ընդունեց նաեւ Բրիտանիոյ խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ...

Լիբանանի Կառավարութեան Հաղորդագրութիւնը Չէ Գոհացուցած Սէուտական Արաբիան Ու Ծոցի Երկիրները

Լիբանանի Կառավարութեան Հաղորդագրութիւնը Չէ Գոհացուցած Սէուտական Արաբիան Ու Ծոցի Երկիրները

Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը երէկ վերածուեցաւ «ուխտավայր»-ի մը, ուր այցելեցին մեծ թիւով պատուիրակութիւններ` քաղաքական, հոգեւոր եւ ժողովրդային: Բոլոր պատուիրակութիւնները հաստատեցին, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է վերադարձնել իրենց նախկին հեզասահ ընթացքին: Այս շրջագիծին մէջ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի երէկ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրին, որ շեշտեց, թէ իրենց պարտականութիւնն է Սէուտական Արաբիոյ...

Վարչապետ Սալամ Պոնի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Բանակը Զինելու Սէուտական Օժանդակութեան Սառեցումին Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Սալամ Պոնի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Բանակը Զինելու Սէուտական Օժանդակութեան Սառեցումին Վերաբերող Հարցեր

Դեսպան Պոն եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ստանձնեց արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի գրաւոր հրաժարականը, որուն ընդունման մասին համապատասխան գիրը պիտի պատրաստուի: Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցերը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այս դժուար պայմաններուն ընթացքին Լիբանանը պաշտպանելու եւ անոր ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները: Պոն շեշտեց...

Page 854 of 986 1 … 853 854 855 … 986

Արխիւներ