
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պելճիքայի խորհրդարանի նախագահ Սիկրիտ Պրաքի հետ, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուելիք օժանդակութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ, յատկապէս Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի կատարուած առաջարկները, որոնք կը վերաբերէին լիբանանցիներուն եւ գաղթականներուն օգտակար հանդիսացող ներդրումներու կատարման:
Պըրրի պելճիքացի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկեց նաեւ լիբանանեան բանակին օժանդակելու եւ անոր հզօրացումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ լուծումը պէտք է ըլլայ քաղաքական:
Պըրրի յայտնեց, որ շրջանին դիմագրաւած տագնապին լուծման բանալին իրանեան-սէուտական մերձեցումն է: Ան նշեց, որ եթէ արաբները միասնականութեամբ չպայքարին, ապա անոնց գոյութիւնը վտանգի պիտի ենթարկուի` աւելցնելով, որ Սայքս Փիքոյի օրերը վերջացած են, եւ բոլորը ենթակայ են բաժանումի վտանգին ենթարկուելու:
Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանան աւելի քան որեւէ ժամանակ կարիքը ունի նախագահական ընտրութիւն կատարելու` ընդգծելով, որ լիբանանեան խորհրդարանը պիտի ըլլայ պետութիւնը վերարտադրող միակ հեղինակութիւնը:
Իր կարգին, Պրաք շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանանի դերակատարութիւնը կարեւոր է` նկատի ունենալով, որ Լիբանան համայնքային համերաշխութեան եւ համակեցութեան օրինակելի տիպարն է:
ՆՇԵՆՔ, որ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 2 մարտ 2016-ին: