Լիբանանեան

Ժեմայէլ Եւ Ճոնզ Կը Քննարկեն  Նախագահական Ընտրութեան  Կարելիութիւնները

Ժեմայէլ Եւ Ճոնզ Կը Քննարկեն Նախագահական Ընտրութեան Կարելիութիւնները

Ժեմայէլ եւ Ճոնզ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի գործակատար Ռիչըրտ Ճոնզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ մէջ զինադուլ հաստատելու կարելիութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ նշուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` նախագահական ընտրութիւնը կարելի դարձնելու նպատակով:  

«Նոր 7 Մայիս Չկայ, Սակայն Լիբանան  Տագնապի Նոր Հանգրուան Մը Թեւակոխած Է»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Նոր 7 Մայիս Չկայ, Սակայն Լիբանան Տագնապի Նոր Հանգրուան Մը Թեւակոխած Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն անդրադարձաւ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին, որուն շրջագիծին մէջ յայտնեց, որ ոմանք թերեւս կը մտածեն, թէ Հըզպալլա ճնշուած է եւ կրնայ դիւրաւ տակնուվրայ վիճակ ստեղծել երկրին մէջ: «Ընդհակառակն` մենք կը հաստատենք, որ Հըզպալլա հզօր վիճակի մէջ է, եւ եթէ ինքզինք նախկինին հետ բաղդատելու ըլլայ, ապա ան շատ...

Պըրրի Ընդգծեց Լիբանանեան Ազգային  Երկխօսութիւնը  Շարունակելու Կարեւորութիւնը

Պըրրի Ընդգծեց Լիբանանեան Ազգային Երկխօսութիւնը Շարունակելու Կարեւորութիւնը

Դեսպան Ալի եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ աշխարհը սկսած է համոզուիլ, որ անհրաժեշտ է դիմադրել ահաբեկչական մտայնութեան օրրանը հանդիսացող ամէն խմբաւորումի եւ գաղափարի: Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Համախմբումի Նիստ.  «Սահմանադրական Իրաւունքները  Կարելի Չէ Սակարկութեան Ենթարկել»

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ. «Սահմանադրական Իրաւունքները Կարելի Չէ Սակարկութեան Ենթարկել»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ սահմանադրական եւ օրինական իրաւունքները կարելի չէ սակարկութեան ենթարկել: «Երկրին Ազգային ուխտը խախտելու մասին միւս օրուան մեր կեցուածքը պիտի ըլլայ տարբեր եւ վճռակամ», ըսաւ Ժրայսաթի` աւելցնելով, որ այդ կեցուածքը պիտի արտայայտէ համախմբումին նախագահը` երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:...

Վարչապետարանին Մէջ.  «Կոչ Կ՛ուղղեմ Ֆրենժիէին Ներկայ Գտնուելու  Նախագահական Ընտրութեան Այսօրուան Նիստին»   Շեշտեց Հարիրի

Վարչապետարանին Մէջ. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Ֆրենժիէին Ներկայ Գտնուելու Նախագահական Ընտրութեան Այսօրուան Նիստին» Շեշտեց Հարիրի

Հարիրի եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ բոլոր երեսփոխանները պէտք է ներկայ գտնուին նախագահական ընտրութեան այսօրուան նիստին` կատարելով իրենց սահմանադրական պարտականութիւնը: Ան նշեց, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է աղբի տագնապին հարցը` շեշտելով, որ անիկա վտանգաւոր է եւ կը...

«Աղբի Թղթածրարին Վերաբերող Բոլոր  Համաձայնագիրները Կը Պահանջենք Սերտել  Եւ Հաշուետուութեան Կանչելու  Մեր Իրաւունքին Կառչած Պիտի Մնանք»   Շեշտեց Քանաան

«Աղբի Թղթածրարին Վերաբերող Բոլոր Համաձայնագիրները Կը Պահանջենք Սերտել Եւ Հաշուետուութեան Կանչելու Մեր Իրաւունքին Կառչած Պիտի Մնանք» Շեշտեց Քանաան

Քանաան եւ Ժեմայէլ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ելեւմուտքի եւ ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ նախագահեց յանձնախումբին նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան եւ աղբի տագնապին մասին զեկուցումներ ներկայացուցին ելեւմուտքի ու կենսոլորտի նախարարութիւնները եւ Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդը: Նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ: Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը կը պահանջէ աղբերուն վերաբերող բոլոր համաձայնագիրները ունենալ` ընդգծելով,...

Պան Քի Մուն Մարտին  Պիտի Այցելէ Լիբանան

Պան Քի Մուն Մարտին Պիտի Այցելէ Լիբանան

Պան Քի Մուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն 24 մարտին պիտի այցելէ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պետական ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ սուրիացի գաղթականներու յատուկ գաղթակայաններ: Քի Մունի Պէյրութ կատարելիք այցելութիւնը մաս պիտի կազմէ 23-26 մարտ շրջանային կարգ մը երկիրներ իր կատարելիք շրջապտոյտին: Քի Մունին պիտի ընկերակցի Միջազգային դրամատան նախագահ Ճիմ Եոնկ Քիմ, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Ուաշինկթընի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին Փենթակոնի պատասխանատուներ հաստատած են, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Լիբանանի դէմ կատարուելիք յարձակումի հաւանականութեան պարագային, միջազգային զինուորական միջամտութիւն պիտի կատարուի: ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքներուն վրայ վախ չկայ` աւելցնելով, որ աղբի տագնապը պէտք է ամէնէն արագ միջոցին լուծել: ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ...

Նախորդ Շաբաթավերջին Ստեղծուած  Խուճապը Կրնար Վտանգել  Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը

Նախորդ Շաբաթավերջին Ստեղծուած Խուճապը Կրնար Վտանգել Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը

Ապահովական աղբիւրներ հաստատեցին, որ կիրակի օր Լիբանանի մէջ արձանագրուած ցոյցերն ու մագլցողական քայլերը շուտով կրնային վերածուիլ սադրանքներու, եթէ երկրին քաղաքական ղեկավարութիւններուն միջեւ հաղորդակցութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ չկատարուէին` զսպելու համար փողոցը: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան կապկող` «Էմ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած տեսերիզը, որ հրահրած էր Հըզպալլայի համակիրները եւ զանոնք մղած բողոքի ցոյցեր կատարելու, կրնար աւելի եւս ծաւալիլ` նկատի ունենալով,...

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Արագ  Եւ Հաստատ Լուծում Կը Նկատէ  Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Արագ Եւ Հաստատ Լուծում Կը Նկատէ Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ նախագահեց կուսակցութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ կառավարութեան սպառած իրավիճակը ապացոյց մըն է, թէ երկրին հարցերուն միակ լուծումը նախագահական ընտրութիւն կատարելն է` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան նիստին թուականը վաղն է` չորեքշաբթի, 2 մարտ 2016-ը: Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը խստիւ դատապարտեց կառավարութեան անկարողութիւնը աղբի տագնապն ու արաբական երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ տիրող հարցերը...

Վարչապետ Սալամ Նամակ Մը  Ստացաւ Եգիպտոսի Նախագահէն

Վարչապետ Սալամ Նամակ Մը Ստացաւ Եգիպտոսի Նախագահէն

Դեսպան Զայէտ եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտը, որ վարչապետին յանձնեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիէն նամակ մը` արաբական համագործակցութիւնը աշխուժացնելու նպատակով: Հանդիպումէն ետք Զայէտ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ իրադարձութիւնները` վերահաստատելով, որ իրենք մեծ վստահութիւն ունին ներկայ...

Պըրրի Եւ Հարիրի Կը Շեշտեն  Սադրանքներուն Դիմադրելու Կարեւորութիւնը

Պըրրի Եւ Հարիրի Կը Շեշտեն Սադրանքներուն Դիմադրելու Կարեւորութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ վերջին օրերուն ի յայտ եկած են այնպիսի երեւոյթներ, որոնք իսլամականութեան հետ առնչուած չեն` քաղաքացիները իրարու դէմ լարելու եւ կիրքեր հրահրելու առումով: «Այս արշաւին մասնակիցները փորձած են միջիսլամական...

Զօր. Քահուաժի Երկրին Ապահովական  Կացութիւնը Քննարկեց  Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ

Զօր. Քահուաժի Երկրին Ապահովական Կացութիւնը Քննարկեց Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ

Մուքպել եւ զօր. Քահուաժի Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքները: Զօր. Քահուաժիի այցելեցին նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ: Հանդիպումներուն ընթացքին անոնք բանակի հրամանատարին հետ  քննարկեցին Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները: ՆՇԵՆՔ, որ բանակի...

Ասիրի Շարունակեց Ընդունիլ Զօրակցական Այցելութիւններ, Իսկ Քուէյթ Լիբանանէն Կը Պահանջէ Արաբական Մթնոլորտի Մէջ Մնալ

  Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի երէկ շարունակեց դեսպանատան մէջ ընդունիլ Ռիատի կեցուածքներուն զօրակցողներն ու Սէուտական Արաբիոյ երախտագիտութիւն յայտնողները: Ասիրիի այցելեց Ժամաա Իսլամիէի քաղաքական խորհուրդի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ասաատ Հարմուշը, որ հաստատեց, որ լիբանանցիներուն մեծամասնութեան հետ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւնները փոխադարձ վստահութեան եւ հաւատարմութեան յարաբերութիւններ են, որոնց արմատները արաբականութիւնն է: Հարմուշ շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ` ընդգծելով, որ լիբանանցիները...

Հարիրի Շորթըրի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Հարիրի Շորթըրի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Շորթըր եւ Հարիրի Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիուկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները: Հարիրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ուրսուլա Ֆեհրինկըրը, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Թարեք Միթրին, Նազեմ Խուրին եւ Թալալ Մերեհպին: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Երեկոյեան Հարիրի ընդունեց Աքքարէն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք չէ գոյատեւէ, այնքան ատեն որ ան չի կրնար լուծել աղբի տագնապը: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանի էութեան եւ կայունութեան պահպանումը կ՛երաշխաւորուի նախագահական ընտրութեան ընդմէջէն: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բազմազանութիւնը վերածուած է անէծքի, որովհետեւ անիկա համայնքային բազմազանութենէն...

Շրջանին Եւ Լիբանանին Գծով Տիրող  Տարակարծութեանց Զուգահեռ.  Կողմերը Կը Փորձեն Կանխարգիլել Կացութեան Բռնկեցումը` Իւրաքանչիւրը Իր Դիտանկիւնէն

Շրջանին Եւ Լիբանանին Գծով Տիրող Տարակարծութեանց Զուգահեռ. Կողմերը Կը Փորձեն Կանխարգիլել Կացութեան Բռնկեցումը` Իւրաքանչիւրը Իր Դիտանկիւնէն

Շաբաթավերջին լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ պատահած ընդվզումի ելոյթները` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը կապկած մէկ տեսերիզին դէմ, ինչպէս նաեւ Սաատիյեթի մէջ ապահովական բախումներու վերսկսման մասին լուրերը մտավախութեան մատնեցին քաղաքացիները, յատկապէս լրատուական այն տեղեկութիւններէն ետք, թէ Լիբանան խորապէս կ՛ազդուի շրջանային, յատկապէս Սուրիոյ ու Իրան - Սէուտական Արաբիա տագնապներէն եւ թէ անիկա կը գտնուի քաղաքացիական բախումներու (չըսելու համար պատերազմի) սեմին: Ասիկա առանցքը կազմեց շաբաթավերջին...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Ընտրեց Իր Քաղաքական Խորհուրդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Ընտրեց Իր Քաղաքական Խորհուրդը

Շարունակելով իր շարքերուն ներքին ընտրութիւնները` Ազգային ազատ հոսանքի 340 պատգամաւորներ երէկ ընտրեցին իրենց քաղաքական խորհուրդի կազմը: 14 թեկնածուներէն ընտրուեցան հետեւեալ վեց անդամները, որոնց կազմը պիտի ամբողջացնէ կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլ` նշանակելով մնացեալ երեք անդամները, Միրէյ Աուն Հաշեմ, Զիատ Եուսեֆ Նաժժար, Ճիմի Ժորժ Ժապպուր, Ռինտալա Ռաֆիք Ժապպուր, Նաաման Ժոզեֆ Մրատ եւ Նաժի Էմիլ Հայէք: Նշենք, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ,...

Սէյիտ Նասրալլան Կապկող Տեսերիզ Մը  «Փողոց» Մղեց Անոր Համակիրները

Սէյիտ Նասրալլան Կապկող Տեսերիզ Մը «Փողոց» Մղեց Անոր Համակիրները

Շաբաթավերջին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան կապկող տեսերիզի մը սփռումը արբանեակային կայանէ մը պատճառ դարձաւ, որ Հըզպալլայի անդամներ ու համակիրներ փողոց իջնեն ու փակեն ճամբաները լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ: Յաջորդաբար շաբաթ եւ կիրակի օր Հըզպալլայի համակիրներ անիւներ հրկիզելով փակեցին Թաալապայա-Շթորա, Շուէյֆաթ-Քֆարշիմա, Պեքաայի եւ Սաայտայի կարգ մը մայրուղիներ: Ընդվզողներու ցոյցը Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն տարածուեցաւ մինչեւ Սին էլ Ֆիլ, ուր անոնք...

«Մենք Արաբական Համախոհութեան Դէմ Չկեցանք»  Յայտարարեց Ժըպրան Պասիլ

«Մենք Արաբական Համախոհութեան Դէմ Չկեցանք» Յայտարարեց Ժըպրան Պասիլ

«Մենք չքուէարկեցինք եւ դէմ չեղանք արաբական համախոհութեան», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ` երէկ պատկերասփռուած յայտարարութեամբ նշելով, որ այս գծով «վարչապետ Թամմամ Սալամի յայտարարութիւնը Լիբանանի կեցուածքը չի ներկայացներ»: Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն է, որ կը ճշդէ երկրին արտաքին  քաղաքական կեցուածքը` համախոհութեամբ երկրին կառավարութեան, եւ ոչ թէ վարչապետին անհատական կարծիքը: Միւս կողմէ, Պասիլ պատրաստակամութիւն յայտնեց ձեռնարկելու որեւէ քայլի, որ կը ծառայէ...

Page 853 of 986 1 … 852 853 854 … 986

Արխիւներ