Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած երկփեղկումը կարծէք սկսած է աւելի եւս խորանալ` նկատի ունենալով, որ Ռիատ ոչ միայն կ՛անտեսէ Լիբանանի կոչերը եւ յարաբերութիւնները բարելաւելու ճիգերը, այլ` յաւելեալ ճնշումներ կը բանեցնէ Լիբանանի վրայ:
Յաւելեալ ճնշումներու շրջագիծին մէջ երէկ հաղորդուեցան երկու լուրեր, որոնց աղբիւրները մնացին անպաշտօն:
Անոնցմէ մէկն էր այն, որ սէուտական օդանաւային ընկերութիւնը պիտի դադրեցնէ դէպի Պէյրութ իր թռիչքները, իսկ միւսը այն էր, թէ Ռիատ մերժած է վարչապետ Թամմամ Սալամի այցելութեան ժամադրութիւն ճշդել, հետեւաբար դէպի Ծոցի երկիրներ կատարուելիք լիբանանեան պետական պատուիրակութեան պաշտօնական շրջապտոյտը կրնայ ջնջուիլ:
Այս լուրերուն վրայ աւելցան նաեւ պաշտօնական երկու այլ լուրեր, որոնցմէ մէկը հաղորդուեցաւ քուէյթեան «Քունա» պաշտօնական լրատու գործակալութեան կողմէ: Այդ լուրին համաձայն, Պէյրութի մէջ Քուէյթի դեսպանատունը իր քաղաքացիներէն պահանջած է Լիբանանէն հեռանալ:
Աւելի ուշ նոյն յայտարարութիւնը կատարեց նաեւ Քաթար, որ կոչ ուղղեց Պէյրութ գտնուող իր քաղաքացիներուն մեկնիլ Լիբանանէն:
Այս իրադարձութիւններուն լոյսին տակ վարչապետ Սալամ երէկ երեկոյեան «Սքայ Նիուզ» կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Իրան եւ ուրիշներ Լիբանանի մէջ քաղաքական եւ տեղեկատուական ներդրումներ կը կատարեն` աւելցնելով, որ այդ մէկը ծանօթ է բոլորին:
«Լիբանանի մէջ Իրանի արմատները ընդարձակուած են, եւ մենք կը տառապինք այդ իրականութենէն, որ կ՛ազդէ մեր գերիշխանութեան վրայ: Մինչդեռ նախորդ տասնամեակներուն ընթացքին Սէուտական Արաբիա օժանդակած է Լիբանանին, առանց անկէ ծառայութիւն մը իսկ պահանջելու կամ անոր վրայ քաղաքական կեցուածք մը պարտադրելու», ըսաւ ան:
Վարչապետ Սալամ դիտել տուաւ, որ կառավարութեան արտակարգ նիստէն ետք արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին արտայայտուած կեցուածքները Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը չեն արտայայտեր: «Այդ կեցուածքներուն պատասխանատուն միայն Պասիլն է», ըսաւ ան:
Վարչապետ Սալամ նշեց, որ կառավարութեան հաղորդագրութիւնը օրինակելի չէ, սակայն անիկա նախաքայլ մըն է Լիբանանի եւ արաբ ազգին միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու:
Ան խոստացաւ, որ այսուհետեւ ոչ մէկ սխալ պիտի արձանագրուի` աւելցնելով, որ ինք պիտի շարունակէ ստանձնել իր պատասխանատուութիւնը` յանձնառու մնալով Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ պատմական յարաբերութիւններուն:
«Լիբանան իր արմատներով եւ պատկանելիութեամբ արաբական է, իսկ Սէուտական Արաբիա անոր հովանաւոր հայրն է, որ կը մնայ անմրցելի», ըսաւ Սալամ` ընդգծելով, որ Սէուտական Արաբիա ընդվզելու իրաւունք ունի:
Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ վերադառնալու արաբական համախոհութեան:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունած էր Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որ հանդիպումէն ետք յայտարարած էր, թէ վարչապետ Սալամ իրեն յանձնած է Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին ուղղուած նամակ մը:
Աւելի ուշ, Ասիրի յայտնեց, թէ այդ նամակով վարչապետ Սալամ անդրադարձած է իր մտահոգութիւններուն: «Լիբանանի կառավարութեան ի գործ դրած ճիգերը անբաւարար են սրբագրելու Ռիատի հետ յարաբերութիւնները», ըսաւ Ասիրի:
Միւս կողմէ, Ասիրի երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին դեսպանատան մէջ շարունակեց ընդունիլ Սէուտական Արաբիոյ զօրակցող եւ անոր նկատմամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կեցուածքները դատապարտող մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերու, հոգեւորականներու եւ ժողովրդային պատուիրակութիւններ:
Ասիրիի այցելեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ սէուտական դեսպանատունէն յայտնեց, թէ Ռիատի հետ հարցին չլուծուելուն պարագային Լիբանան հսկայ տագնապի մը մէջ պիտի գտնուի` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ներում հայցել:
Դեսպանատան այցելուներէն եղան նաեւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, առողջապահութեան եւ երկրագործութեան նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Աքրամ Շեհայէպ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայէղ: