
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ստանձնեց արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի գրաւոր հրաժարականը, որուն ընդունման մասին համապատասխան գիրը պիտի պատրաստուի:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցերը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այս դժուար պայմաններուն ընթացքին Լիբանանը պաշտպանելու եւ անոր ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Պոն շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը շրջանին համար ռազմավարական է եւ ամէն իմաստով օգտակար:
Լիբանանեան բանակը զինելու իմաստով սէուտական օժանդակութիւնները կասեցնելու հարցին շրջագիծին մէջ Պոն շեշտեց, որ ֆրանսական իշխանութիւնները կը գործակցին ե՛ւ սէուտական, ե՛ւ լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ: «Փարիզ ճիգ չի խնայեր լիբանանեան բանակը զինելու, որովհետեւ Լիբանանի պաշտպանութիւնը եւ անոր կայունութեան ամրապնդումը բոլորին համար կարեւոր է», ընդգծեց Պոն:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր: