Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիա Վտարեց 90 Լիբանանցի Պաշտօնեաներ

February 26, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Saudi Arabia_022516

Սէուտական Արաբիոյ մէջ աշխատող 90 լիբանանցի պաշտօնեաներ իրենց գործատէրերէն երէկ իմացան, որ իրենք պաշտօնէ արձակուած են:

Այս որոշումով Ռիատ կը հաստատէ, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները դարձած են խոցելի:

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի երէկ շարունակեց դեսպանատան մէջ ընդունիլ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները վերստին հեզասահ դարձնելու քայլերուն զօրակցող շարք մը պատուիրակութիւններ:

Ասիրի յայտնեց, որ ինք վարչապետ Թամմամ Սալամի նամակը փոխանցած է Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութեան: «Լիբանանցիները ուշիմ են եւ ոչ ոք կարիքը ունի անոնց սորվեցնելու, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն` սրբագրելու համար գործուած սխալը», ըսաւ Ասիրի` աւելցնելով, որ վարչապետ Սալամի հետ իր հանդիպումը եղած է դրական ու անկեղծ:

Ասիրի նշեց, որ ինք վարչապետին հետ քննարկած է արձանագրուած զարգացումները եւ յոյս յայտնած, որ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները մնան պատմական:

Ասիրի նաեւ հաստատեց, որ ներկայիս դէպի Լիբանան սէուտական օդանաւային ընկերութեան թռիչքները կասեցնելու որոշում չկայ:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն զգուշանալու Լիբանանին վնաս հասցնող որեւէ հարցէ` ընդգծելով, որ պահանջուածը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումն է եւ հարցերուն ու տագնապներուն կանխարգիլումը:

Ասիրի դիտել տուաւ, որ լիբանանեան կառավարական պատուիրակութեան Ռիատ կատարելիք այցելութիւնը տակաւին չէ ճշդուած` յայտնելով, որ այս մասին վարչապետ Սալամի հետ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:

«Եթէ Ռիատի հետ տագնապը ստեղծող քաղաքական հիմնական ուժերը ներում հայցեն, երկկողմանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները կրնան սրբագրուիլ», ըսաւ Ասիրի` աւելցնելով, որ Ռիատ մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին:

Ասիրի նախանցեալ երեկոյեան այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի բնակարանը:

Միւս կողմէ, Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ խիստ ընդվզում յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ հաւատարիմ մնալու յուշագիրի ստորագրութեան արշաւին դէմ` կոչ ուղղելով Ասիրին տուն ղրկելու յուշագիր մը պատրաստելու եւ այդ յուշագիրը ստորագրելու արշաւ մը կազմակերպելու, որովհետեւ ան Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն հարցերուն միջամուխ կը դառնայ:

«Ես լիբանանցիներուն անունով կը հաստատեմ, որ կ՛ատեմ սէուտցի իշխանները, իսկ անոնք, որոնք Սէուտական Արաբիոյ զօրակցութեան յուշագիր կը ստորագրեն, կը կապկեն Ռիատը», ըսաւ ան:

Ուահապ ողջունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարներ Ալեն Հաքիմն ու Սըժաան Քազզին` կառավարութեան նիստին ընթացքին իրենց որդեգրած կեցուածքին համար, դիտել տալով, որ սէուտցիները լիբանանցիներուն մակարդակին հասնելու համար 500 տարուան կարիք ունին:

Իր կարգին, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան Պէյրութի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շուքէյր զգուշացուց Լիբանանի մէջ բռնկելիք «Արաբական դժոխք»-է մը, եթէ Լիբանանի կառավարութիւնը շուտով ներում չհայցէ Սէուտական Արաբիայէն:

Ան հաստատեց, որ եթէ Ծոցի երկիրները իրենց դռները փակեն լիբանանեան արտադրութիւններուն դիմաց, ապա երկրին տնտեսութիւնը ահաւոր փորձանքի ենթակայ կրնայ դառնալ:

Ան շեշտեց, որ այս իրավիճակին բարելաւման բանալին հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն ու նոր կառավարութեան կազմութիւնն է:

ՆՇԵՆՔ նաեւ, որ Ռուսիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ապտել Ռահման պըն Իպրահիմ Ռեսսի շեշտեց, որ Հըզպալլա ահաբեկչական կուսակցութիւն է` ընդգծելով, որ Իրան պէտք է շրջանին մէջ իր քաղաքականութիւնը փոփոխութեան ենթարկէ:

Նախորդը

«Կառավարութիւնը Կ՛արտայայտէ Լիբանանի Պաշտօնական Կեցուածքը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.